Օտար հողի մէջ գրանցած յաջողութիւններուն հանդերձ` երիտասարդ լրագրողը կը ցանկայ ուսումը շարունակել սովորել նաեւ Հայաստանում

Նոր մեկնարկած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015” ծրագրի Սփիւռքահայ լրագրողներու դասընթացները, արդէն հաստատած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հեռուստալրագրող Լիլիա Աւագեանը կը նշէ, որ անիկա իրեն չի խանգարեր: Լրագրող-հաղորդավար Լիլիան կ’ապրի եւ կ’աշխատի Լոս Անճելսի մէջ, բայց Հայաստանի հետ կապը կը փորձ է անխափան պահել:

Երրորդ անգամն է այստեղ եւ յոյս կը յայտնէ, որ այս այցն ալ միւսներու նման արդիւնաւէտ ու տպաւորիչ կ’ըլլայ: “Առաջին անգամ Հայաստան-սփիւռք համաժողովին եկայ: Անիկա, տարուայ կտրուածքով կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնն էր, որովհետեւ ոչ միայն հաւաքուած էր ամբողջ հայկական Սփիւռքի կորիզը, այլ նաեւ այն պատճառով, որ մենք յստակ հասկցանք, ինչպէս լուսաբանել Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները: Երկրորդ անգամ Հայաստան այցելեցի Ապրիլ 24-ին: Ականատես եղայ այդ պատմական իրողութեան ու պիտի ըսեմ, որ ամէն ինչ բարձր մակարդակով կազմակերպուած էր: Սա նաեւ օգնեց, որ մենք կրցանք  լուսաբանել ողջ ընթացքը, եւ այդ հսկայական տեղեկատւութիւնը կարճ ժամանակի մէջ տարածեցինք աշխարհով մէկ”,- կը նշէ Լիլիան:

Ան այս անգամ հայրենիքի մէջ է մասնագիտական որակները կատարելագործելու, նոր գիտելիքներ ստանալու եւ փորձի փոխանակման համար: Լիլիան լաւ գիտէ Սփիւռքի մէջ աշխատող հայ լրագրողի դժուարութիւնները: “Չեմ ուզեր կոպիտ հնչէ, բայց մեր քով հայալեզու լրատուամիջոցներու համար աշխատող լրագրողները լեզուական բարդոյթ ունին: Եւ անիկա բացատրելի է, քանի որ ինչքան ալ մենք արհեստավարժ լրագրող ըլլանք, տիրապետենք մեր մասնագիտութեան, այնուամենայնիւ` պէտք չէ մոռնալ, որ այդ ամբողջ մասնագիտական պաշարը, գիտելիքներն ու  կրթութիւնը մենք կը ստանանք անգլերէն, իսկ այդքանէն ետք վերադառնալ հայերէնին ու աշխատիլ հայալեզու լրատուամիջոցի մէջ, իսկապէս բարդ է”- կը նկատէ դեռ հինգ տարեկանէն հեռուստատեսութեան մէջ աշխատող լրագրողը` չմոռնալով նշել, որ հակառակ դժուարութիւններուն` այդպիսի առաջամարտիկներ դեռ կան:

Այս ամէնուն ականատես ըլլալով ալ Լիլիա Աւագեանը կը կարեւորէ նմանատիպ ծրագիրներ, որովհետեւ բացի լրագրողական գիտելիքներէն կու տան նաեւ յաւելեալ տեղեկատուութիւն հայոց պատմութենէն ու մշակոյթէն, որոնց, հակահայ քարոզչութեան պարագային, ոեւէ հայ լրագրող պարտաւոր է տիրապետել, մանաւանդ որ այդ քարոզչութիւնը կ’իրականացուի արտաքին աշխարհի մէջ:

Անդրադառնալով սփիւռքահայ լրագրութեան նոր ոճի խնդիրին` Լիլիան ներկայացուց իր մօտեցումը, որ այս խնդիրի պարագային կրնայ հիանալի լուծում ըլլալ: « Ոճի պարագային պէտք է նկատի առնել, թէ անիկա ինչին կը վերաբերի` հեռուստալրագրութեա՞ն, թէ տպագիր մամուլին: Ինծի կը թուի աւելի շատ աւանդոյթներուն կը հետեւին եւ աւելի պահպանողական են իրենց ոճի նկատմամբ մամուլի ներկայացուցիչները: Աւագ սերունդը աւելի խիստ է, բայց ունի հիանալի հիմք, որուն պէտք է հետեւին երիտասարդները: Նոյն այդ հիմքի վրայ է, որ մենք նորամուծութիւններ կ’ընենք, կը փորձենք նոր շունչ բերել: Հեռուստատեսութեան` ըսել թէ նոր մետիայի պարագային, սկզբունքներն ու կանոնները քարացած չեն, մօտեցման շատ նոր տարբերակներ կան: Ինչքան ալ հակասութիւններ ըլլան, չեմ կրնար չնշել, որ աւագ եւ նոր սերունդի միջեւ անդունդը այնքան մեծ չէ, ինչքան մենք կը պատկերացնենք, անոնցմէ վերցնելով հարուստ աւանդոյթները եւ աւելցնելով մեր նոր տեսակէտները` կը փորձենք ժամանակի հետ քալել”,- կ’ըսէ Լիլիան:

Այսօր կարճ, արագահաս ու պարզ լրագրութիւնն է պահանջուած, քանի որ բարդ ու խոր յօդուածները կը ստիպեն ընթերցողին կամ հեռուստադիտողին ապաւինիլ նաեւ սեփական վերլուծական հմտութիւններուն, որուն ժամանակը չունին: “Մէկ անգամ ըսած եմ, որ արդի լրագրութեան մէջ կը բացակայի նոյն լրագրութիւնը: Այսինքն` հանրութիւնը այսօր դասական լրագրութիւն չ’ուզեր: Կարծես ամէն ինչ վերածուած է աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւններու, երբ ուսուցիչը կը ցանկայ, ինչքան հնարաւոր է, պարզ ու մատչելի գիտելիք տալ, ու աշակերտը առանց աւելորդ ջանքի իւրացնէ զայն: Սակայն ես նաեւ մէկ բան գիտեմ, որ ամէն ինչ չէ, որ պէտք է յարմարեցնել լսարանի պահանջներուն, պէտք է նաեւ քիչ մը սկզբունքային ըլլալ ու փորձել գտնել արդիւնաւէտ մատուցման ձեւ”,- կ’ըսէ Լիլիան:

Ան այստեղէն կը փորձէ որոշ բանալիներ իր հետ տանիլ, քանի որ շատ ոգեւորուած է դասընթացներով, որոնք կ’անցնին սպասուածէն լաւ: Սակայն Լիլիան կը ցանկար, որ ժամանակը քիչ մը շատ ըլլար. “Տասը օրուան մէջ իւրացնել այն, ինչ պիտի իւրացնենք, հերոսական քայլ է թէ՛ կազմակերպիչներուն, թէ՛ մասնակիցներուն կողմէն, որովհետեւ տեղեկատւութիւնը հսկայական է”,- կը նշէ Լիլիա Աւագեանը աւելցնելով, որ  այս դասընթացները բացառիկ են:

Ամերիկահայ լրագրողը լրագրութեան ոլորտէն բացի նաեւ գործունեայ է Հայ դատի յանձնաժողովի մէջ, զբաղած է Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներու կազմակերպմամբ, շարք մը բարեգործական ծրագիրներ իրականացուցած է թէ՛ յանձնաժողովի հետ, թէ՛ առանձին:

Հակառակ անոր, որ  ԱՄՆ-ի մէջ գրանցած յաջողութիւններուն` հայուհին կը ցանկայ վերադառնալ եւ ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ: “Չեմ ուզեր բանալ փակագիծերը, բայց թեզս գրելու համար պիտի ուսումնասիրեմ ԱՄՆ-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները տարբեր կողմերէ` քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ այլն, եւ այդ բոլորի համար Հայաստանի մէջ գտնուիլը եւ այստեղ հետազօտութիւններ կատարելը պարտադիր է”,- կը  նշէ Լիլիան:

Երեւանի մէջ սորվիլը նաեւ անոր երազանքը եղած է, որ կը փորձէ իրականացնել այս տարի: Ցանկանանք անոր յաջողութիւններ նաեւ հայրենիքի մէջ ու յուսանք, որ Սեպտեմբերին զինք կը շնորհաւորենք իբրեւ համալսարանականի:

Ամալիա Կարապետեան

ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի 4-րդ կուրսի ուսանողուհի

Scroll Up