Անուանի Երգչուհիներ Պարգեւատրուեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» Մետալով
Յուլիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ իւրայատուկ օր էր: Այստեղ կը հիւրընկալուէին միջազգային ճանաչման արժանացած երեք անուանի երգչուհիներ` Ժնեւի «Կրանտ» օփերայի մեներգչուհի Վարդուհի Խաչատրեանը (Զուիցերիա), Նիւրնպերկի օփերայի թատրոնի մեներգչուհի Հրաչուհի Բասենցը (Գերմանիա) եւ Ժնեւի երաժշտանոցի վոկալի փրոֆէսոր, մեներգչուհի Ճուլիէթ Գալստեանը (Զուիցերիա):
Հրաւէրին առիթը աւելի քան ուրախալի էր. միջազգային ասպարէզի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ իրենց գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար անոնք պարգեւատրուած էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գնահատանքի ջերմ խօսքեր ըսաւ երգչուհիներու հասցէին` հպարտութեամբ նշելով, որ ծնած ըլլալով Հայաստանի մէջ եւ կրթութիւն ստանալով Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ` անոնք իրենց բացառիկ ձայնի եւ կատարողական արուեստի շնորհիւ հնարաւորութիւն ստացած են հրաւիրուելու եւ աշխատելու տարբեր երկիրներու ամենահեղինակաւոր օփերայի թատրոններուն մէջ` համագործակցելով այս ոլորտի նշանաւոր արուեստագէտներու հետ: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ միջազգային ամենամեծ բեմահարթակներու վրայ անոնք արեւմտաեւրոպական երաժշտահաններու կողքին մշտապէս հնչեցուցած են հայ երաժշտահաններու` մասնաւորապէս Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Ներկայացենլով երգչուհիներու կենսագրութեան կարեւոր դրուագները` Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութեամբ շեշտեց նաեւ ժառանգականութեան դերը` քանի որ երեք երգչուհիներն ալ հայ մշակոյթի ասպարէզին մէջ նշանակալի վաստակ ունեցող արուեստագէտներու ժառանգներ են:
Յանձնելով մետալները` նախարարը մէկ անգամ եւս շեշտեց, որ նման պատուաւոր պարգեւի անոնք կ’արժանանան յատկապէս հայ երգարուեստի տարածման եւ հայութեան անունը միջազգային ասպարէզի մէջ բարձր պահելու համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատանքի համար` արուեստագէտները նշեցին, որ թէեւ արժանացած են բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու, սակայն հայրենիքի պարգեւները կ’ընդունեն շատ աւելի մեծ յուզումով ու երախտագիտութեամբ:
Հանդիպման աւարտին անոնք իրենց ձայներիզները նուիրեցին նախարարին` հաւաստիացնելով, որ պարտաւորուած կը զգան ընելու աւելին` հայ արուեստը աշխարհի մէջ տարածելու ուղղութեամբ: