Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 4-րդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Ari-tun-4-pul.jpg)
Յուլիս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
4-րդ փուլին կը մասնակցի 124 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Պելճիգայէն, Պելառուսէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Հոլանտայէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Ղազախստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ պատանիներ ու աղջիկներ, բարով էք եկել Հայրենիք, համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւան եւ Ձեր նախարարութիւն: Համոզուած եմ, որ 14 օրերի ընթացքում դուք կը տեսնէք եւ կը ծանօթանաք Հայաստանի տեսարժան վայրերին, իսկ ձեզ համար կազմակերպուող հայրենագիտութեան դասընթացներին ակտիւ մասնակցելով` կը ծանօթանաք հայոց պատմութեանը, հայ մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներին, կը սկսէք առաւել վարժ խօսել եւ գրել մայրենի լեզուով»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ մասնակիցները պիտի այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող, թանգարան եւ Եռաբլուր` յարգանքի, խոնարհումի այն գլխաւոր վայրերը, ուր մտնելուն ամէն հայ կ’ապրի հպարտութեան եւ ակնածանքի զգացողութիւն:
«Դուք կը լինէք նաեւ հայոց բանակի զօրամասերից մէկում, կը ծանօթանաք մեր սահմաններն անառիկ պահող հայ զինուորների հետ, – ընդգծեց նախարարը` աւելցնելով, – մենք յատուկ շնորհակալութիւն ենք յայտնում ձեր ծնողներին, որ վստահեցին «Արի տուն» ծրագրին եւ ձեզ ուղարկեցին հայրենիք: Շնորհակալ ենք նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներին, որ այնքան սիրով ու հոգատարութեամբ են ձեզ պահելու իրենց օճախներում»:
Այնուհետեւ նախարարը «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկ հագցուց 4-րդ փուլի ամենակրտսեր մասնակիցին` ԱՄՆ-էն ժամանած 13-ամեայ Դաւիթ Աբրահամեանին:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսէն ժամանած «Նարեկ» վարժարանի սաներուն. «Նախարարութիւնն ամէն տարի հիւրընկալում է նարեկցիներին, ովքեր կարծես ուխտագնացութեան են գալիս Հայաստան»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարին` ջերմ ընդունելութեան, հոգատար վերաբերմունքին համար` Կիպրոսի խումբի ղեկավար Վիոլէթ Թաշճեան նշեց. «Նարեկ» վարժարանի սաները ամբողջ տարի մը անհամբերութեամբ եւ կարօտով կը սպասեն Հայրենիք այցին: Մենք գիտենք, որ Հայաստանէն հեռու մեր Հայրենիքը մայրենին է, եւ մեր վարժարանէն ներս ամէն ինչ կ’ընենք երեխաներուն հայերէնը լաւ սորվեցնելու ուղղութեամբ »:
Այնուհետեւ արիտունցիներուն` յոտընկայս եւ բարձր ծափողջոյններու ներքոյ հնչեց «Հայկական բանակ» երգը: Մասնակիցները իրենք ալ սիրով ասմունքեցին եւ կատարեցին հայ ազգագրական եւ ժողովրդական երգեր: