Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 5-րդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 5-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցի 122 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն,  Պոլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Նորվեկիայէն, Հոլանտայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Թուրքմէնստանէն, Իրաքէն, Արժանթինէն:

Մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով. «Սիրելի՛ արիտունցիներ, բարով էք եկել Հայրենիք: Դուք կ’այցելէք Հայաստանի տեսարժան վայրեր, մասնակցելով ձեզ համար կազմակերպուող հայրենագիտութեան դասընթացներին` կը ծանօթանաք հայոց պատմութեանը, մշակութային, հոգեւոր արժէքներին: Սփիւռքում հայապահպանութեան հիմնական գրաւականը մեր մայրենին է: Դուք պէտք է խօսէք եւ գրէք հայերէն, որպէսզի ձեր սերունդներին փոխանցէք մեր լեզուն: Մենք շնորհակալ ենք ձեր ծնողներին, որ վստահեցին «Արի տուն» ծրագրին եւ ձեզ ուղարկեցին Հայրենիք, շնորհակալ ենք նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներին, որ այնքան հոգատարութեամբ պահելու են ձեզ իրենց օճախներում»:

Այնուհետեւ, աւանդոյթի համաձայն, նախարարը «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկ հագցուց ամենակրտսեր մասնակիցին` Ուքրանիայէն ժամանած Դաւիթ Ասատրեանին:

Յատուկ «Արի տուն» ծրագիրին համար պատրաստուած գրական-երաժշտական համարով հանդէս եկան 4-րդ փուլի մասնակից, Կիպրոսէն ժամանած «Նարեկ» վարժարանի սաները` ղեկավար Վիոլէթ Թաշչեանի գլխաւորութեամբ:

Արիտունցիները ասմունքեցին, կատարեցին հայ ազգագրական, ժողովրդական երգեր եւ քոչարի պարեցին Արա Գէորգեանի «Արցախ» ստեղծագործութեան ներքոյ:

23 45 6

Scroll Up