«Արի Տուն» Ծրագիրէն Միայն Դրական Տպաւորութիւններ Կը Ստանամ». Լիբանանահայ Մասնակից

Ալեքսան Ազարեան լիբանանէն եկած է  մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Կը յաճախէ Լիբանանի «Եղիշէ Մանուկեան» հայկական վարժարանը:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Ալեքսան ըսաւ, որ ծնողները իրեն քանի մը անգամ բերած են Հայաստան` ծանօթացնելու իր երկրի պատմութեան, մշակոյթին, որպէսզի Հայրենիքի մասին լաւ պատկերացում կազմէ:
«Շատ կը սիրեմ Հայաստան, եւ հպարտ եմ, որ հայ  ծնած եմ: Ծնողներս մեծ դեր ունին օտարութեան մէջ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու հարցով. անոնք ամէն բան կ’ընեն, որ ընտանիքին մէջ միայն հայերէն խօսիմ եւ հաւատարիմ մնամ Մայրենիին»,-նշեց Ալեքսան:

«Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու  եկած է հօրաքրոջ խորհուրդով եւ չափսոսար, քանի որ այս օրերուն ընթացքին հասցուցած է միայն դրական տպաւորութիւններ ստանալ ծրագիրէն:

«Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Ալեքսան դարձաւ այն սփիւռքահայ պատանին, որուն ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` որպէս ամենակրտսեր մասնակից, հագցուց ծրագիրի տարբերանշանով շապիկն ու գլխարկը , ինչպէս նաեւ յանձնեց պայուսակը:

«Ուրախ եմ, որ իբրեւ այդ արարողութեան «հերոս» ծրագիրի կազմակերպիչները հէնց ինծի  ընտրած էին, քանի որ Սփիւռքի նախարարի կողմէ նման ուշադրութեան արժանանալը` պատասխանատու եւ յիշարժան պահ  էր ինծի համար»,-զրոյցը եզրափակեց Ալեքսան Ազարեան:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up