«20 Տարի Շարունակ Դուրսն Եմ, Բայց 20 Տարի Շարունակ Կը Ցանկամ Հայրենիք Վերադառնալ». Զառա Յարութիւնեան
«Գրեթէ բոլոր մարդիկ ունին հոգեբանի կարիք»
Մեր մօտ երբեմն կ’անտեսուի հոգեբանի աշխատանքի կարեւորութիւնը, յաճախ ալ ոչ թէ կ’անտեսուի, այլ պարզապէս ազգային մտածելակերպի կարծրատիպը կը խանգարէ զայն: Հոգեբանական աջակցութեան կարիք ունին գրեթէ բոլորը` անկախ ազգային պատկանելութենէն, սեռէն, տարիքէն, ապրելակերպէն: Միայն անձնական, նիւթական, հոգեկան վիճակը չէ, որ կրնայ պատճառ դառնալ ցնցումներու. եթէ մարդը զգայուն է, աւելին` դիւրազգաց, ապա առօրեայ կեանքին, աշխատանքին հանդիպող բազմաթիւ խոչընդոտները, անմարդկային վերաբերմունքը, անձի իրաւական եւ բարոյական իրաւունքներու ոտնահարումը նոյնպէս կրնան նպաստել բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ լարուածութիւններու յառաջացման: Այս եւ նման այլ հարցերու շուրջ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ ծաւալեցաւ մեր զրոյցը ՌԴ-ի Մոսկուա քաղաքէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն այցելած հոգեբան Զառա Յարութիւնեանի հետ, որ Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով ճնշումներ տարած ծնողներուն, զինուորներուն ցուցաբերած է հոգեբանական անվճար օգնութիւն :
–Տիկի՛ն Յարութիւնեան, կը խնդրեմ պատմէք Ձեր անցած ճանապարհներուն եւ Ձեր մասնագիտական ձեռքբերումներուն մասին:
-Ես ծնած ու մեծցած եմ Երեւանի մէջ, 1993-ին տեղափոխուած եմ Մոսկուա, ուր այժմ կ’աշխատիմ դպրոցի մէջ` որպէս հոգեբան: Իմ առաջին մասնագիտութիւնս ընկերաբանութիւնն է, որմէ յետոյ մասնագիտացած եմ հոգեբանութեան մէջ: եւ՛ դժուար է իմ աշխատանքս, եւ՛ այնչափ պարտաւորեցնող ու հետաքրքիր: Մոսկուայի մէջ կայ հոգեբանական կեդրոն, ուր ես ունիմ իմ մասնաւոր վարձակալած աշխատասենեակը, ուր կ’ընդունեմ այցելուները, սակայն յաճախ կ’աշխատիմ տեսակապով, հեռախօսով: Այցելուները հիմնականին մէջ տարբեր ազգերէ են, առաւելապէս` 30-է 50 տարեկան կանայք կը դիմեն: Իմ մասնագիտութեան պահանջարկը շատ է. այսօր Երկիր մոլորակը բազմաթիւ թէժ հակամարտութիւններու խառնարան դարձած է, ատոր զուգահեռ` աշխարհագրական տարբեր տարածքներու մէջ իրար կը յաջորդեն բնական բազմապիսի աղէտներ` ջրհեղեղներ, փոթորիկներ, հրդեհներ, օդային եւ ցամաքային փոխադրամիջոցներու մեծ ու փոքր վթարներ, ալ չեմ խօսիր ահաբեկչութեան` օրէ օր ահագնացնող վտանգին մասին: Այսինքն` ոչ միայն անհատները, այլեւ ողջ Երկիր մոլորակը ցնցման մէջ է: Հոգեբանական լարուածութիւն կ’առաջանայ, երբ մարդը իր հայրենիքէն օտար ափեր կը մեկնի, կը յայտնուի նոր միջավայրի մէջ: Այդ մարդիկ, անշուշտ, կ’ունենան հոգեբանի կարիք, սակայն ճիշդ կ’ըլլար, որ մինչ իրենց հայրենիքէն մեկնիլը դիմէին հոգեբանի օգնութեան, այդ ժամանակ հնարաւոր է, որ մարդը չհեռանար իր երկրէն:
–Տիկի՛ն Յարութիւնեան, ձեր կարծիքով հոգեբանը բժի՞շկ է:
-Այո՛, անշուշտ: եթէ հոգեբանը կը բուժէ, մարդուն կը հանէ ծանր վիճակէ, ի հարկէ, բժի՛շկ է:
–Շա՞տ մեծ է տարբերութիւնը հոգեբանի եւ հոգեբոյժի միջեւ:
-Ո՛չ, աննշան Է անոնց միջեւ եղած սահմանը. կայ մէկ տարբերութիւն` հոգեբոյժը դեղամիջոցներ կը նշանակէ, հոգեբանը` ոչ. հոգեբանը կը բժշկէ խորհուրդներով, խօսքով, իրավիճակներու ճիշդ վերլուծութեամբ եւ ատոնք կը գնահատէ ըստ կարեւորութեան ու ծանրութեան: Հոգեբանին ծանր բեռ բաժին կ’իյնայ` այցելուին հանել այդ վիճակէն, որպէսզի ան չհասնի ծայրայեղ ծանր վիճակի եւ հոգեբոյժի կարիք ունենայ:
–Ըստ Ձեզի մայրը կամ ուսուցիչը կրնա՞յ փոխարինել հոգեբանին:
-Դժուա՛ր է ըսել. եթէ ծանր դէպք է, ապա պէտք է անպայման դիմել հոգեբանի: Ըսեմ, որ շատ յաճախ հէ՛նց ծնողին պէտք է հանել հոգեբանական ծանր լարուածութենէ, նոր անցնիլ երեխային…յատկապէս դեռահասութեան տարիքի՛ն ի յայտ կու գան շատ խնդիրներ, ծնողներու ու երեխաներու միջեւ կ’ըլլան վէճեր, տարաձայնութիւններ, եւ շատ յաճախ ատոնք կը լուծուին միայն հոգեբանի օգնութեամբ, միջամտութեամբ:
–Իսկ ուսուցիչը՞…
-Ես իմ կեանքիս մէջ շատ լաւ , Աստուծմէ տրուած ուսուցիչ չեմ տեսած: Ես եղած եմ Լիւտմիլա Յարութիւնեանի ասպիրանտը, եւ միայն ան է, որ ինծի համար հրաշալի դասախօսի, ղեկավարի կատարելատիպ է: Միայն Աստուծմէ տրուած ուսուցիչները կրնան փոխարինել հոգեբանին, սակայն, ցաւօք սրտի, անոնց թիւը շատ քիչ է:
–Անդրադառնանք Մոսկուայի հայկական համայնքին մէջ ծաւալած Ձեր մասնագիտական գործունէութեան. յաճա՞խ Ձեզի կը դիմեն մեր հայրենակիցները:
-Երբ կը դիմեն, կը կանչեն, ես անպայման կ’երթամ: Համայնքը ունի կիրակնօրեայ դպրոց, ուր ես սիրով կ’երթամ: Մեր համայնքը շատ կազմակերպուած մեծ ընտանիք մըն է եւ ամուր թելերով կապուած Հայրենիքին. մենք միշտ մեր համայնքին կողքին եւ Հայրենիքի կողքին ենք անոր դժուար պահերուն: Ապրիլին ծաւալուած պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած, վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն, Արցախին ցուցաբերուող օգնութեան իր բաժինը ունեցաւ նաեւ մեր համայնքը. ատիկա իւրաքանչիւրիս պարտքն էր, որովհետեւ այդ տղաները պահեցին, պաշտպանեցին մեր Հայրենիքի սահմանները: Մեր ըրածը չնչին բան է անոնց թափուած արեան դիմաց:
–Խօսինք Ձեր բարեգործական աշխատանքներուն մասին:
-Բարեգործութիւն ըսուածը իմ կողմէս հոգեբանական անվճար ծառայութիւններն են անվճարունակ մարդոց եւ առաջին հերթին` պատերազմի հետեւանքով որդեկորոյս մայրերուն: Հիմա անոնք արդէն ալ չեն դիմեր ինծի, սակայն հարկ եղած պարագային ես պատրաստ եմ անշահախնդրօրէն օգնելու: Տա՛յ Աստուած, որ մարդիկ ատոր կարիքը չունենան:
–Կը վերապատրաստուի՞ք Ձեր մասնագիտութեամբ:
-Մենք անընդհատ կը սորվինք, մենք որեւէ բաղադրատոմս չունինք, պարզապէս կը լսենք նշանաւոր հոգեբաններու դասախօսութիւնները: Կը սորվինք ողջ կեանքին ընթացքին, կը սորվինք հէ՛նց մեր գործնական աշխատանքին ընթացքին:
–Տիկի՛ն Յարութիւնեան, հոգեբանութեան, մանկավարժութեան բնագաւառին մէջ ո՞վ եղած է Ձեր ուսուցիչը:
-Եանուշ Կորչակը: ազգութեամբ լեհ այդ մեծ մարդը կ’աշխատէր հրէական մանկատան մէջ: Մեծ հայրենականի տարիներն էին, գերմանացիները մանկատան հրեայ երեխաներուն կու գան տանելու կազախցիկներ, իսկ Կորչակին, որ հրեայ չէր, կ’ըսեն, որ հեռանայ, սակայն ան չի հեռանար երեխաներէն եւ կը միանայ անոնց խումբին: Այդպիսի հեղինակաւոր մասնագէտ եղած է նաեւ Վիքթոր ֆրանքլը, որ ինծի համար նոյնպէս մեծութիւն է. Ան եւս Մեծ հայրենականի ժամանակ կազախցիկի մէջ եղած է եւ ձեւով մը փրկուած: Հոգեբանը, մանկավարժը իւրայատուկ նուիրեալ պէտք է ըլլայ . չէ՞ որ ան գործ ունի մարդկային կեանքի, հոգիի հետ:
–Չէ՞ք ուզեր Հայրենիք վերադառնալ:
-20 տարի դուրսն եմ, բայց 20 տարի շարունակ կ’ուզեմ վերադառնալ հայրենիք. երկար է վերադարձի ընթացքը, սակայն կարեւորն այն է, որ օր մը վերադարձը երազանքէն իրականութիւն դառնայ. Կը կարծեմ` հեռու չէ այդ օրը:
–Շնորհակալութիւ՛ն հետաքրքիր զրոյցի համար, կը մաղթեմ համբերութիւն եւ երբեք չվերջակէտուող սէր ու նուիրում Ձեր աշխատանքին:
Կարինէ Աւագեան