Տեղի Կ’ունենայ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 6-ին, ժ.16:00-ին ԵՊՀ մեծ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2016թ. «Սփիւռք» ամառնային ամէնամեայ դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կ’իրականացուի ԵՊՀ-ի հետ համատեղ (hասցէ` Ալէք Մանուկեան 1, կեդրոնական մասնաշէնք, 3-րդ յարկ):

Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի պիտի ունենայ համերգ, որ կազմակերպած է ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնը:

 «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ դասընթացները կ’իրականացուին հինգ ուղղութիւններով`

  1.  Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (Յուլիս 3-30),
  2. Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում (Յուլիս 3-30),
  3. «Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացք (Յուլիս 3-16),
  4. Լրագրողներու  վերապատրաստում (Յուլիս 3-16),
  5. Ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն (Յուլիս 3-16):

 Բացի տեսական ու գործնական դասերէն` կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր այրերու հետ:

 

Scroll Up