«Այսօր Գլխաւորը Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքի Ուղղութեամբ Աշխատիլն Է». Սարգիս Շահինեան

Կը նեկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Զուցերիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի գլխաւոր քարտուղար, «Զուիցերիա-Հայաստան» ընկերակցութեան նախագահ Սարգիս Շահինեանի հետ, որ վերջերս հայանպաստ ծաւալուն գործունէութեան եւ միջխորհրդարանական բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Պատուոյ մետալով:

Պարո՛ն Շահինեան, վերջերս Դուք արժանացաք ՀՀ Ազգային ժողովի Պատուոյ մետալին: Ին՞չ է Ձեզի համար նման գնահատանքը:

– Այս պարգեւը ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի այն առումով, որ Հայաստանի ժողովուրդի շահերը ներկայացնող խորհրդարանին կողմէն է: Պարգեւը տրուած է այն ջանքերուն համար, որոնք տարիներ շարունակ իրականացուած են Զուիցերիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարանները մերձեցնելու ուղղութեամբ: Տարուած աշխատանքի իմաստն այն է (եւ միշտ ալ այդպէս պիտի մնայ), որ քաղաքական համագործակցութեան կամուրջները այն որակը ստանան, որ կը նպաստէ տնտեսական եւ ուսումնական ոլորտներու փոխադարձաբար աճին ու արմատացման: Սակայն, ցանկութիւնը կը տարբերի իրականութենէն:

Ի վերջոյ` իմ կարծիքով, Ազգային ժողովը այս պարգեւատրումը իրականացուց նաեւ` հաշուի առնելով կատարուած ջանքերու իրականացումը զանազան մակարդակներու վրայ (նաեւ համաշխարհային գետնի վրայ տարուած ոչ պակաս արդիւնաւէտ գործունէութիւնը),  որ ինծի համար նշանակալի է եւ քաջալերական:

Ձեր կարծիքով, այսօր ի՞նչ մակարդակի վրայ են հայ-զուիցերական յարաբերութիւնները:

– Զուիցերիան կը տեսնէ իր դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ երկու գլխաւոր ոլորտներէն ներս: Առաջինը` իբրեւ ռազմավարական եւ պատմական հակամարտութիւններու կեդրոն: Վերջինս Զուիցերիոյ հնարաւորութիւն կու տայ միջազգային հարթակի վրայ` իբրեւ լուծման գործօն, մէկ անգամ եւս ճանչցուիլ եւ հզօրացնել պատմական հաշտեցնողի իր դիրքերը: Ամենակարեւոր օրինակները Ցիւրիխի արձանագրութիւններու պատրաստման գործընթացն էր եւ Ղարաբաղի հակամարտութեան հաշտեցմանը նպաստելը, ինչպէս օրինակ` անցեալ Նոյեմբերին Սարգսեան-Ալիեւ նախագահներու գագաթնաժողովի կազմակերպումը Պեռնի մէջ:

Երկրորդը` հասարակական զարգացումը եւ մարդասիրական օգնութիւն մատուցելու ասպարէզն է, որ Զուիցերիան կ’ընէ իր Արտաքին գործոց նախարարութեան (Զարգացման եւ համագործակցութեան բաժանմունքին) միջոցով:

Սակայն երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները այնքան թոյլ են, որ կարելի է հաւասարեցնել ոչինչի: Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական խումբի նախագահ (միեւնոյն ժամանակ` Զուիցերիոյ Ազգային ժողովի փոխնախագահ) Տոմինիք տը Պումանի այցը Յուլիս 24-26 նաեւ այս ոլորտը զարգացնելու նպատակ ունէր: Ըսեմ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանութիւնը, եւ դեսպան Լուքաս Կասսերն անձամբ, շատ մեծ ներդրում ունեցաւ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ:

Ո՞ր ուղղութեամբ, ո՞ր ոլորտներուն մէջ   հնարաւոր է արդիւնաւէտ համագործակցութիւններ իրականացնել:

– Ամենակարեւոր ոլորտը, ուր կրնանք մեծ աճ արձանագրել` զբօսաշրջութիւնն է, ուր մեզի պէտք է միայն նուազագոյն ներդրում, ներքին ճանապարհներու որակ, միջազգային մակարդակով մրցունակութիւն: Այս ամէնը իրագործելու համար պետութիւնը պէտք է առողջ, ստեղծագործող ուժերուն առաջնութիւն տայ եւ վերացնէ մենաշնորհը: Միաժամանակ հարկաւոր է փոխադրութեան կապերը զարգացնել եւ կարգաւորել օդային ճանապարհի խոչընդոտները:

Մեր ամենահզօր ներուժը զբօսաշրջութիւնն է, գիւղատնտեսութիւնը, տեղեկատուական արուեստաբանութիւնները եւ դրամատնային համակարգը: Իսկ ամենաթոյլ ոլորտը ծառայութիւններն են: Մենք կարիք ունինք մեր շուկան բանալու այլ երկիրներու մէջ, եւ ատոր համար պէտք է ունենանք մրցունակ ապրանք, որակի տեսակէտէն եւ պէտք եղած քանակութեամբ:

Մենք տարեկան 2811 արեւային ժամանակ ունինք, որ որեւէ  ձեւով չենք օգտագործեր: Եղանակային պայմանները կը փոխուին, որուն պատճառով մենք պէտք է խնայենք մեր պաշարները, յատկապէս` ջրային:

Որը՞ (կամ որո՞նք) կը համարէք Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական խումբի կարեւոր ձեռքբերումը այս տարիներուն ընթացքին:

– Մենք Զուիցերիոյ խորհրդարանին մէջ կրցանք ստեղծել հայկական իրականութեան հանդէպ այն գիտակցութիւնը, որ նախապէս չկար: Սկսելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն` հասնելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին գիտակցութեան բարձրացում (չմոռնանք այս Յունուարին Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հակահայկական բանաձեւի ձախողման դէպքը, որուն գլխաւոր յաջողութիւններէն մէկը զուիցերացի պատգամաւորներու` ի նպաստ Հայաստանի քուէարկութիւնն էր, հասկնալի է, որ պատահականութիւն չէր), ինչպէս նաեւ` Նախիջեւանի մէջ Պաքուի կողմէ գործադրուած խաչքարերու ոչնչացման մասին միջազգային իրազեկում:

Մեր վերջին այցը (Յունիսի վերջը) Տոմինիք տը Պումանի հետ` երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները կենդանացնելու միտում ունէր:

12 տարուան ընթացքին Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամական խումբը 4 անգամ այցելած է Հայաստան եւ մէկ անգամ` Արցախ: Շեշտելով մեր սերտ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ` մենք միշտ ընդգծած ենք նաեւ թոյլ կողմերը եւ՛ այս, եւ՛ նախորդ իշխանութիւններուն:

Մասնակցած ենք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնած Քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու համաժողովին (2012 թուականի Նոյեմբերին), ուր ներկայացուցած ենք մեր վերլուծութիւնները:

Պարո՛ն Շահինեան, յատկապէս վերջին ամիսներուն, բոլորիս մտահոգութիւնը Արցախի խնդիրն է եւ ԼՂՀ ճանաչման հարցը: Ինչպիսի՞ն են Զուիցերիոյ արձագանքները այս հարցով եւ խորհրդարանական խումբը այս ուղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի:

– Մեր գործողութիւնները այս պահուն հասարակութեան մէջ գիտակցութիւն յառաջացնելն է եւ խորհրդարանէն ներս, անհրաժեշտութեան պարագային, վտանգները չէզոքացնելը (նշենք` Ռոպերթ Ուոլթերի բանաձեւը ձախողելու արդիւնաւէտ ջանքերը, որոնք իրագործուեցան Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահի եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի համակարգուած գործունէութեան շնորհիւ):

Մենք կը հասկնանք, որ այսօր գլխաւորը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ուղղութեամբ աշխատիլն է: Սակայն կը դժուարանանք գտնել  յստակ, կարմիր թել մը, որուն կրնանք հետեւիլ, ինչպէս օրինակ` Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական խումբի կարեւորագոյն աշխատանքներէն է 2011 թուականին Զուիցերիոյ խորհրդարանէն ներս լսում կազմակերպելը: Հրաւիրուած 4 միջազգայնագէտները պատգամաւորներուն լուսաբանեցին Արցախի հակամարտութեան թէ մարդկային իրաւունքներու բնագիրը, թէ միջազգային իրաւաբանութեան յարաբերութիւնները: Երկու լեզուով (ֆրանսերէն, գերմաներէն) հրատարակեցինք  գրքոյկ մը, որ կ’ընդգրկէր նաեւ CD-ROM մը, ուր լուսանկարներով եւ տեսանիւթով փաստագրուած էր Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած` մինչեւ այսօր անպատիժ ոճիրը:

Պարո՛ն Շահինեան, Արցախեան քառօրեայ պատերազմը շատ բան փոխեց ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ: Դուք կը զգա՞ք այդ փոփոխութիւնը եւ յատկապէս ո՞ւր:

– Պատերազմը ներխուժեց իւրաքանչիւրիս տուն եւ մտաւ մեր հոգիներուն մէջ: Այն նոյն ցաւը յառաջացուց, ինչ որ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժը եւ 1991-94 թուականներու Արցախեան պատերազմը:

Արցախեան քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ բանակէն ներս մենք դեռ ընելիքներ ունինք: մենք իրաւունք չունինք ո՛չ հարիւր, ո՛չ տաս, նոյնիսկ մէկ զինուոր կորսնցնելու:

Քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ նաեւ մեր հակառակորդին, որ ան երբեք չի կրնար ուժով գրաւել ազատագրուած տարածքները:

Պարգեւատրման յաջորդ օրը` Մայիս 7-ին, փափաքեցայ երթալ զինուորական հիւանդանոց եւ այցելել մեր վիրաւոր զինուորներուն: Այն ինչ տեսայ` շատ ծանր էր: Ընդմիշտ հաշմանդամ դարձած 19-20 տարեկան ապրող կեանքեր, որոնք իրենց խորունկ լռութեամբ ինծի կը  սորվեցնէին մեր ազգի արժանապատուութիւնը:

Բոլորս կը հասկնանք, թէ ինչ տեսակ ժողովուրդի կը պատկանինք, եւ թէ ինչ պէտք է ընենք այս տեսակ երիտասարդներուն մեր զուսպ եւ գործնական շնորհակալութիւնը յայտնելու համար…

25 տարի  անցած է Անկախութենէն: Այսօր առաւել քան երբեք` պէտք է ոչ թէ խօսքերով միայն, այլ զուսպ, ամէնօրեայ գործով, կառուցողական քննադատութիւններ ընդունելով, հասկնալով եւ սխալները շտկելով շարունակենք գործել: Սա է մեր աշխատանքը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որքան ալ կարեւոր է իւրաքանչիւրիս համար, կ’անցնի երկրորդ գիծ: Մենք ունինք այսօր Արցախ, հայաբնակ տարածք, որ ատամներով պէտք է պահենք յաւերժ: Սա շատերը հասկցան Սփիւռքի մէջ: Այդ ամէնը հիմա պիտի վերածենք գործի: Մեր ապագան մենք պիտի կերտենք, ուրիշ ոչ ոք, եւ յոյսը` միայն մեր վրայ դնելով:

Զրուցեց` Լուսինէ Աբրահամեան

 

Scroll Up