«Միշտ Մնայ Այդքան Գեղեցիկ Ու Ամուր, Իմ Հայաստա՛ն».Արիտունցիներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/ari-tun.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2016» ծրագիրի երկրորդ փուլի մասնակից սփիւռքահայ հայորդիները «Հայերն այսօր»-ին փոխանցած են իրենց կարծիքներն ու տպաւորութիւնները Հայաստանի մասին:
«Ես – Ողջո՛յն, իմ գեղեցիկ Հայաստա՛ն:
Հայաստան– Ողջո՛յն, ինչո՞վ պարտական եմ, քու այդ գեղեցիկ այցին:
Ես– Ես եկած եմ օտար երկրէ, որպէսզի վայելեմ քու անսահման գեղեցկութիւնդ:
Հայաստան– Շատ մեծ պատիւ է ինծի համար, աղջի՛կս:
Ես– Հայաստա՛նս, ինչու՞ ես դուն այդքան թախծոտ:
Հայաստան– Ես միայն ներսէն եմ այդպէս թախծոտ, ատիկա իմ պատմութեան դաջուածքն է, իսկ իրականութեան մէջ ես հզօր եմ եւ արարող:
Ես– Հայաստա՛ն, ես քեզմով շատ հպարտ եմ եւ այնչափ ուրախ, որ հայ ե՛մ»- այսպիսի փոքրիկ երկխօսութեամբ մը իր սէրն ու ջերմութիւնը արտայայտած է Թուրքիայէն եկած Սեդա Սաֆարեանը:
«Երկար տարիներ է, որ կը ճանչնամ Հայաստանը: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ չեմ բնակիր, բայց այնչափ շատ կը սիրեմ Հայաստանը . այն իմ տունն է: հիանալի է` տարիներ անց կրկին գալ Հայաստան, զգալ Հայրենիքի շունչը, խմել սառնորակ, անուշ ջուրը, հայերէնով խօսակցութիւններ լսել… Կը սիրեմ Հայաստանի թէ՛ լաւ , թէ՛ վատ կողմերը: Իմ կարծիքովս ես եւ իմ բոլոր ընկերներս շատ բախտաւոր ենք, որ հնարաւորութիւն ունեցանք գալու Հայաստան, շրջելու, լիանալու ու հիանալու մեր երկրով: Յոյսով եմ, որ տարիներ յետոյ դարձեալ կու գամ եւ արդէն կը մնամ ու կ’ապրիմ իմ տան մէջ»- ասոնք, դարձեալ Թուրքիայէն, Գայեանէ Ալոյանի յուզումնառատ խօսքերն են:
« Բարեւ՛, Հայաստան` իմ շատ սիրելի ընկեր, իմ հարազատ: Հինգ տարի անց ես այցելեցի քեզ: Շատ կարօտցած էի, միշտ կը ձգտէի քեզի տեսնել, ըլլալ քու քաղաքներուդ ու գիւղերուդ մէջ, տեսարժան վայրերուդ, վայելել քու ամառն ու քու ոսկեգոյն , քաղցրահամ ծիրանը: Երազանքս կատարուեցաւ: Դուն շատ գեղեցիկ ես, բայց որոշ մարդիկ իրենց պահուածքով կը փորձեն քեզի տգեղցնել, թոյլ մի՛ տար եւ մնայ՛ միշտ այդքան գեղեցիկ ու ամուր, միշտ այդքան պայծառ, լուսաւոր, իմ լաւ՛ ընկեր»,- այս սրտագին բաղձանքով կ’աւարտէ իր խօսքը Թուրքիայէն եկած Աննա Իւանեան:
Յուսանք, որ անոնց մեծ ու չմարող կարօտը Հայրենիքի հանդէպ օր մը դէպի Հայրենիք բերող վերադարձի ճամփայ կը դառնայ:
Գէորգ Չիչեան