Կայացաւ «Արի տուն» ծրագիրի 2015թ. վերջին` 8-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը
Օգոստոս 28-ին` ժամը 18.00-ին, Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի 2015թ. վերջին` 8-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատաակիցներ, հիւրեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցելով արիտունցներուն` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ արիտունցիներ, սիրով ողջունում եմ ձեզ: «Արի տուն» ծրագիրը ոչ միայն հայապահպանութեան, այլեւ հայրենաճանաչութեան ծրագիր է: Այս 14 օրերի ընթացում դուք խորապէս ճանաչեցիք ձեր Հարենիքը` իր հարուստ մշակոյթով եւ աւանդոյթներով: Յիշէ՛ք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատգամը` տանը խօսէ՛ք հայերէն: Դա է հայ մնալու միակ պայմանը: Բարո՛վ էիք եկել ձեր Հայրենիք: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք ձեր յաջորդ գալուն` որպէս մեծ վաստակի տէր հայորդիներ եւ հայուհիներ»:
Փոխնախարարը արիտունցիներուն յիշեցուց, որ քիչ առաջ անոնք կ’արտասանէին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» «աղօթքի» խօսքերը` «Ուր էլ լինեմ` չեմ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր», եւ աւելցուց, որ այսօր մենք, ի տարբերութիւն Չարենցի ապրած ժամանակին, կ’ապրինք մեր յաղթանակներու դարը, ուստի պէտք է նաեւ չմոռնանք «Յաղթական երգերը մեր»:
Այնուհետեւ արիտունցիները հանդէս եկան ազգային երգի ու պարի գեղեցիկ կատարումներով, որուն պատրաստուած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին: Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեց մեներգչուհի Անահիտ Սահակեան:
Վերջին փուլի աւարտը ազդարարուեցաւ հրաժեշտի աւանդական խարոյկով:
Նշենք, որ ծրագիրի ութերորդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էր շուրջ 65 երիտասարդ աշխարհի 12 երկրէ` ՌԴ-էն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Ֆրանսայէն, Լեհաստանէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Պուլկարիայէն, Էսթոնիայէն, Ռումանիայէն, ԱՄՆ-էն, Սուրիայէն, Լիբանանէն: