Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յունիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը արժեւորեց հոգեւոր առաջնորդի հայանպաստ գործունէութիւնը, բարձր գնահատեց վերջին տարիներուն անոր իրականացուցած աշխատանքը:

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, նշեց, որ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն եղած է Արցախ, հայ զինուորի կողքին: Հոգեւոր առաջնորդը համոզուած է, որ զինուորը նաեւ հոգեւոր զօրակցութեան կարիքը ունի:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքի խնդիրներուն, նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքի մասնակցութեան աշխուժացման, քննարկուեցան եւ նախանշուեցան ընելիքները:

Իր գործունէութեան ընթացքին Տաթեւ եպս. Յակոբեան հիմնած է Զուիցերահայ երիտասարդաց միութիւնը: Եղած է Հոլանտայի Հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ, հիմնած է հինգ եկեղեցական ծուխեր` Արնհեմ, Թոթրեխտ, Ասսըն, Այնթհովեն եւ Մաստրիխդ քաղաքներուն մէջ, հիմնադրած է Ալմելոյի «Գեղարդ» երգչախումբը, կիրակնօրեայ վարժարանը, Սուրբ Գրոց լսարանը եւ Հայ եկեղեցասիրաց կազմակերպութիւնը ( VAJA ):

2010թ. Ամսթերտամի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամսթերտամի Տիմըն գերեզմանոցին մէջ կանգնեցուցած է խաչքար-յուշարձան` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Հրատարակած է Հոլանտայի Հայոց հոգեւոր հովուութեան պատկերազարդ եկեղեցական օրացոյցը, կազմակերպած է Սուրբ Պատարագի հոլանտերէն թարգմանութիւնը:

1

Scroll Up