Միջազգային Լրատուամիջոցները Կ՛անդրադառնան Պապի Կողմէ Ցեղասպանութիւն Եզրոյթի Oգտագործման Երեւանի Մէջ

Միջազգային լրատուամիջոցներու վերնագիրներուն մէջ անմիջապէս յայտնուեցան հրապարակումները այն մասին, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Երեւանի մէջ օգտագործեց Ցեղասպանութիւն եզրը` 1915 թուականի իրադարձութիւնները բնորոշելու համար:
«Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կրկին նկարագրած է իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Ան նման յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ անցեալ տարի, ինչ որ յառաջացուցած էր թրքական կողմի զայրոյթը», ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ Պապի ելոյթէն անմիջապէս ետք գրեց բրիտանական BBC-ն: Հռոմի պապը նշած է. «Այդ ողբերգութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, ցաւօք, գլխաւորեց անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու տխուր ցուցակը»:
«Հռոմի պապը Հայաստանի մէջ արտաբերեց մոգական Ցեղասպանութիւն բառը»,- Արցախփրէսի փոխանցմամբ՝ կը գրէ CRUX- ը: Պապին խօսքը անմիջապէս մէջբերեցին Associated press-ը, Reuters-ը, ABCNews-ը, Swissinfo-ն, բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:
Համաշխարհային գործակալութիւնները յատկանշական կը համարեն, որ Պապը շեղուած է նախապէս պատրաստուած եւ լրատամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նախօրօք բաժնուած ելոյթի բնագիրէն: Թուրքիան դեռ չէ արձագանգած Հռոմի պապի յայտարարութեան: