Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Գիտաժողովը Կը Խոչընդոտուի

«Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլ 26ին Պոլսոյ Պիլկի համալսարանի մէջ Պատմութեան հիմնադրամի եւ UCLA-ի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած` «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. հասկացություններ եւ համեմատական հեռանկարներ» խորագրով գիտաժողովի կայացումը խոչընդոտուած է:
«Ակօս»ին յայտնի դարձած է, որ Մարտ ամսուն յայտարարուած այս գիտաժողովը պիտի չկայանայ համալսարանին մէջ:
Կ՛ենթադրուի , որ պատճառը գիտաժողովիխորագիրն է: Այժմ գիտաժողովը նոյն խորագրով մէկ այլ վայրի մէջ իրականացնելու համար փնտռտուք կը կատարուի: