«Երգը Ինծի Համար Թթուածին Է». Բալիկ Գալեմքէրեան-Փոփովա
«Հայերէնը մեր տան ճրագն է, աղօթքը մեր տան»
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրութեան մէջ հիւրընկալուած` Սուրիա ծնած ու մեծցած, Երեւանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած, Մոսկուայի մէջ հաստատուած եւ ազգութեամբ ռուս թաւջութակահար, ՌԴ-ի վաստակաւոր արուեստագէտ Կոնստանտին Փոփովի հետ երջանիկ ընտանիք կազմած օփերայի երգչուհի, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Բալիկ Գալեմքէրեան-Փոփովան 13 տարի չէր եկած Հայրենիք, եւ անոր խօսքերուն մէջ անթաքոյց կարօտն իր արտացոլքը կը դրոշմէր նաեւ հայկական գեղեցիկ, թախծոտ աչքերուն մէջ:
–Տիկի՛ն Բալիկ, ինչպէ՞ս դիմակայած էք այդ կարօտին:
-Դժուարութեամբ. ես ծնած ու մեծցած եմ Սուրիա, ուսանած եմ Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ անափ կարօտ ունիմ ծննդավայրիս ու Հայրենիքիս հանդէպ, թէեւ Սուրիա յաճախ կ’այցելեմ, իսկ Հայաստան երկար ժամանակ չեմ եկած: Ամուսնուս եւ դուստրս` Աննայի հետ, հաստատուած ենք Մոսկուայի մէջ. ես կ’երգեմ տեղի Սուրբ Պայծառակերպութեան հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմական տարիներուն անգամ մենք յաճախ գացած ենք այնտեղ, համերգներ տուած: Յաճախած եմ Հալէպի Գարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը, այնուհետեւ` Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը` Տաթեւիկ Սազանդարեանի դասարանը, որ աւարտելէ ետք աշխատանքի անցած եմ Երեւանի օփերայի թատրոնին մէջ, որ նոր սկսած էր ղեկավարել` ցաւօք, արդէն երջանկայիշատակ Գեղամ Գրիգորեան: Շատ կարճ ժամանակ տեւեց դեռեւս նոր սկսած իմ աշխատանքային կենսագրութիւնս, որովհետեւ ես նշանուած էի եւ խոստացած էի նշանածիս, որ 5 տարի ուսում ստանալէ ետք պէտք է վերադառնամ Սուրիա, ուր ինք կ’աշխատէր: Գիտեմ, որ բոլորին կը հետաքրքրէ իմ երկրորդ` Փոփովա ազգանունս. պատմեմ Ձեզի ազգութեամբ ռուս Կոնստանտին Փոփովի հետ ամուսնանալուս պատմութիւնը, որ բոլորին զարմացուցած է` նախադէպը չունեցող երեւոյթով` սուրիահայու եւ ռուսի ամուսնութիւն….ՌԴ-ի եւ Սուրիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրի ծիրէն ներս Կոնստանտինը հրաւիրուած էր` աշխատելու Սուրիա, ես ալ , մշակութային կեդրոնին մէջ,թաւջութակ կը սորվէի անոր մօտ: Ի դէպ, ըսեմ, որ մեր աղջիկն ալ նոյն ճանապարհին է:
–Ձեր ծնողները` հայկական արմատներուն կառչած, հայապաշտ սուրիահայերը դէմ չէի՞ն օտար ազգէ փեսացու ընտրելու Ձեր որոշման:
-Դէ՛մ էին, չեմ թաքցներ, սակայն, ի վերջոյ, սէրը յաղթեց. Կոնստանտինը համաձայնեցաւ 5 տարի սպասել` մինչեւ ուսումս աւարտեմ: Այդ ընթացքին ծնողներս համոզուեցան, որ ան արժանաւոր մարդ ու մասնագէտ է: Ես ու եղբայրս միաժամանակ ընդունուեցանք Երաժշտանոց, ուր ինք կը սորվէր երգահանական բաժինը, Արամ Սաթեանի մօտ, աւարտեց որպէս սիմֆոնիքի խմբավար: Ցաւօք, եղբայրս մահացաւ, սուրիական պատերազմի տարիներուն ալ հայրս մահացաւ սրտի հետ կապուած խնդիրներու պատճառով, ես մայրիկս յետագային տեղափոխեցի մօտս` Մոսկուա: Աղջիկս Սուրիա ծնած է, փոքր էր, երբ մեր ընտանիքը հաստատուեցաւ Մոսկուա:
–Կոնստատինը երբեք հիմնաւորա՞ծ է ազգութեամբ հայուհի կին ընտրելը. Ձեր գեղեցիկ, խոշոր, հայկական աչքե՞րը անոր գրաւած են, տաղանդը՞, հայերու աւանդապաշտութիւնը՞ …
-Այո՛, հիմնաւորած է` ըսելով, որ զինք հրապուրած է հայու տաղանդը, աւանդապաշտութիւնը, դաստիարակութիւնը, սէրն ու յարգանքը, ջերմութիւնը միւս ազգերուն հանդէպ: Ան երկար ժամանակ ` 1995-էն ապրած է Սուրիա եւ աշխատած Դամասկոսի մշակութային կեդրոնին մէջ, ուսումնասիրած Արեւելքը, յատկապէս` Սուրիան ու սուրիահայերը:
–Փաստօրէն, Դուք նաեւ թաւջութակահարուհի էք. ո՞ւր աւելի կայացած կը համարէք դուք ձեզի` երգարուեստի՞, թաւջութակի մասնագիտացմա՞ն բնագաւառին մէջ….
-Ի հարկէ` երգարուեստին մէջ, ատիկա իմ տարածքն է, իմ մեծ աշխարհը:
–Ձեր աղջիկը` Աննան, ըսիք, որ թաւջութակահարուհի է…
-Աննան 12 տարեկան է, ան նաեւ կ’երգէ եւ երաժշտական երկու ուղղութիւններու գիծով ալ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր դարձած է:
–Տիկի՛ն Գալեմքէրեան- Փոփովա, Դուք մենահամերգներ ունեցա՞ծ էք;
-Այո՛, ունեցած եմ. իմ առաջին մենահամերգս կայացած է Սուրիոյ մէջ, երբ ես դեռեւս ուսանողուհի էի, որմէ ետք մենահամերգ ունեցած եմ Երեւանի կամերային երաժշտութեան տան մէջ` Սեդրակ Երկանեանի ղեկավարած «Տաղարան» համոյթին հետ: Յունիս 15-ի համերգը դարձեալ նոյն համոյթին հետ է: Արամ Սաթեանի աջակցութեամբ յատկացուեցաւ Երգահաններու միութեան դահլիճը: Արամ Սաթեանի հետ լաւ բարեկամներ ենք. ան եղած է եղբօրս ուսուցիչը: Համերգային ծրագիրս կազմուած է հայ, ռուս եւ համաշխարհային այլ երգահաններու նշանաւոր գործերէն, այդ ցանկին մէջ է նաեւ յարգարժան Արամ Սաթեանի « Լիլիթ» փոփ-օփերայէն «Աւէ Մարիա» մեներգը:
–Բալի՛կ, Դուք սորված էք ռուսաց լեզուն, իսկ Ձեր ամուսինը հայերէն գիտէ՞…
-Ես ռուսերէն սորված եմ դեռեւս Երաժշտանոցին մէջ ուսանելու տարիներուն, Կոնստանտինը կը հասկնայ հայերէն, բայց չի խօսիր, միայն, երբ տխուր ըլլամ, ան կը սկսի հայերէն բառեր ըսել, որպէսզի տրամադրութիւնս բարձրանայ: Մեր աղջիկը գիտէ քանի մը լեզու` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ռուսերէն: Տան մէջ կը խօսինք բոլոր լեզուներով, աւելի շատ կը հաղորդակցինք անգլերէնով, բայց հայերէնը մեր տան ճրագն է, մեր տան աղօթքը:
–Փորձա՞ծ էք ժողովրդական երգեր երգել:
-Ես ամէն ժանրով փորձած եմ երգել ու կ’երգեմ` բացի ճազէն ու ռոքէն:
–Ձեր սիրած հայ երգահանները, համաշխարհային դասական երգիչներու Ձեր ընտրանին…
-Ալեքսանդր Յարութիւնեան, Էդգար Միրզոյեան, Արամ Սաթեան, Բարսեղ Կանաչեան, Աբրահամեան, Ռոբերտ Ամիրխանեան, Գեղունի Չթչեան…համաշխարհային դասական երգարուեստի մեծութիւնները ինծի համար Մոնսերատ Քապալիէն ու Չեչիլիա Պարթոլին են: Նոյն հարթակին կրնամ մօտեցնել նաեւ իմ ուսուցչուհի` Տաթեւիկ Սազանդարեանը:
–Կոնստանտինին կը փորձէ՞ք համոզել` հաստատուելու Հայաստանի մէջ:
-Ամուսնուս ու աղջկաս համոզելու կարիք չկայ, իրե՛նք կը ձգտին ատոր:
–Երեւան 13 տարի առաջ ու յետոյ ` Ձեր աչքերով:
-Շա՜տ փոխուած է. Ինծի կը պատմէին, բայց չէի պատկերացներ: 2003-էն ետք գրեթէ անճանաչելի դարձած է:
–Ին՞չ է երգը Ձեզի համար:
-Ըսեմ մէկ բառով` թթուածին. ես կ’ուզեմ միշտ երգել, շատ տեղեր երգած եմ, սակայն ցանկութիւնս միշտ Հայրենիքի մէջ երգելն է:
–Շնորհակալութիւ՛ն, թո՛ղ Հայրենիքի մէջ միշտ երգելու Ձեր ցանկութիւնը երազանքէն դառնայ հաճելի իրականութիւն:
Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի