Շնորհակալութիւ՛ն, Հայրենակից, Շնորհակալութիւ՛ն, Բժիշկ…
Բարեգործութիւնը աշխատանք չէ, այլ` մարդկային առաքինութիւն, առաւել եւս` ոչ ցուցադրական բարեգործութիւնը: Եւ, փառք Աստուծոյ, որ մեր օրերուն քիչ չէ այն մարդոց թիւը, որոնք իրենց առաքելութիւններէն մէկը այս աշխարհի մէջ բարեգործութիւն կը համարեն: Անոնցմէ մէկը` Ամերիկայի Քալիֆորնիոյ նահանգէն վիրաբոյժ Արթուր Սալիպեանը, որ հիւրընկալուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, Յունիս 13-ին «Հայերն այսօր»-ի խմբագութենէն ներս տեղի ունեցած մեր զրոյցին ընթացքին զարմացուց ու հիացուց իր մարդ ու բժիշկ տեսակի համեստութեամբ, կրծքագեղձի քաղցկեղով հիւանդ ու վիրահատուող հայ կանանց անշահախնդիր օգնելու պատրաստակամութեամբ:
–Բժի՛շկ Սալիպեան, Դուք Հայաստան եկած էք մասնաւո՞ր այցով:
-Ես 4 տարի անընդմէջ Հայաստան կու գամ` կրծքագեղձի քաղցկեղով վիրահատուող կանանց մօտ իրականացնելու վերականգնողական աշխատանքներ: Նպատակս է` օգնել վերականգնել կուրծքը` վիրահատութեան ժամանակ պահպանելով կուրծքի մաշկն ու պտուկը` յետվիրահատական շրջանին ներհաստատելու համար:
–Սեփակա՞ն նախաձեռնութեամբ սկսած էք Ձեր գործունէութիւնը:
-Այո՛, ատիկա եղած է իմ որոշումս, իմ նախաձեռնութիւնս: Ես կը կատարեմ երկու գործողութիւն` կուրծքը հանելու եւ նոյն ժամանակ` կուրծքի մաշկն ու պտուկը պահպանելու:
Տարին 2 անգամ` 3 շաբաթով Մայիս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն կու գամ Հայաստան:Քանի մը կեդրոններու, հիւանդանոցներու բժիշկներու հետ կ’աշխատիմ: Առաջին անգամ, երբ 4 տարի առաջ 2 շաբաթով եկայ Հայաստան, աշխատեցայ թիւ 8 հիւանդանոցի բժիշկ Կարէն Դանիէլեանի հետ: Մինչ այժմ գրեթէ 20 վիրահատութիւն ըրած եմ տեղի բժիշկներուն հետ: Յոյս ունիմ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ գիտաժողով կազմակերպել եւ ցուցադրել մեր ըրած աշխատանքները, ցոյց տալ, թէ ինչպիսի մեթոտներով կ’աշխատինք:
–Բժիշկները, որոնց հետ կ’աշխատիք, կ’առաջնորդուի՞ն Ձեր խորհուրդներով:
-Այո՛, անոնք պատրաստակամ են` լսելու խորհուրդներ, սորվելու եւ կիրառելու իրենց աշխատանքին մէջ: Սկսած ինծմէ` բոլոր բժիշկները պէտք է շարունակ սորվին ու կատարելագործուին եւ համընթաց քալեն նորարարական արհեստագիտութիւններուն: Աշխարհի մակարդակով բժշկութիւնը այսօր մեծ զարգացում կ’ապրի, կ’արձանագրուին նոր նուաճումներ:
–Պարո՛ն Սալիպեան, կը նշէ՞ք այն բժիշկներուն անունները, որոնք աշխատած են եւ կ’աշխատին Ձեր կողքին եւ աւելի հմտացած են:
-Կարէն Դանիէլեանը, որ սկիզբը կ’աշխատէր 8-րդ հիւանդանոցին մէջ, Արմէն Քոչարեանը, Արթուր Աւետիսեանը, Անտրէ Մինասեանը, Արթուր Սահակեանը, Ներսէս Բերբերեանը:
–Արդեօք մեր ունեցած բժշկական սարքաւորումները իրենց որակային առումով կը բաւարարե՞ն վիրահատական եւ վերականգնողական աշխատանքներուն հետ կապուած անհրաժեշտ բոլոր պահանջները:
-Կան, որ բաւարար են, սակայն կան բուժարաններ, որոնք գործիքներու համալրման, վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը ունին:
–Երեւանի մէջ ամերիկահայ բարերար տիկին Ռիթա Պալեանի եւ Հրանոյշ Յակոբեանի ջանքերով ստեղծուած է Հայ- ամերիկեան առողջութեան կեդրոնը, որ սկիզբէն ընդունուած էր անուանել Մամոկրաֆիայի կեդրոն ( գործադիր տնօրէն` Խաչանուշ Յակոբեան). այն իր գործունէութեան հէնց սկիզբը մեծ նուիրումով ու ժամանակի հրամայականի պահանջով սկսած է կրծքագեղձի ստուգումները, նախաքաղցկեղային շրջանի ուսումնասիրութիւններն ու վիրահատական միջամտութիւնները. Դուք կը համագործակցի՞ք այդ յառաջատար կեդրոնին հետ:
-Այո՛, կը համագործակցիմ: 8-րդ հիւանդանոցէն յետոյ սկսայ աշխատիլ անոնց հետ: Կեդրոնը յագեցած է նորագոյն բարձրակարգ սարքաւորումներով եւ համալրուած է լաւ մասնագէտներով. այն կարեւոր գործունէութիւն կ’իրականացնէ:
–Կրծքագեղձի քաղցկեղը երթալով աւելի կը տարածուի աշխարհի մակարդակով. բժի՛շկ Սալիպեան, ո՞րն է Ձեր կարծիքով այդ չարիքի բուն պատճառը:
-Պատճառները շատ են` օդի աղտոտուածութիւնը, ոչ որգանական սնունդը, ոչ ճիշդ ապրելակերպը, աղտոտուած ջուրը, սոցիալական անապահով վիճակը, բազմաքանակ ճնշումները….սակայն միակ եւ ստոյգ պատճառը յայտնի չէ:
–Արդեօք ճի՞շդ է այն տարածուած կարծիքը, որ երեխաները կուրծքով կերակրող կանայք տոկոսային յարաբերութեամբ աւելի քիչ կը հիւանդանան կրծքագեղձի քաղցկեղով:
-Կ’ըսե՛ն…ես այդ մասնագէտը չեմ, սակայն հնարաւոր է, որ ատիկա ալ լաւ ազդակ հանդիսանայ` խուսափելու կրծքագեղձի քաղցկեղէն:
–Դուք կը սորվեցնէք, խորհուրդներ կու տաք բժիշկներուն, կ’աշխատիք անոնց հետ , անոնց կողքին. Ձեզի երբեւէ չե՞ն առաջարկած այդ բնագաւառին մէջ ունեցած Ձեր մեծ փորձն ու գիտելիքները հաղորդելու նաեւ մեր Բժշկական համալսարանի ուսանողներուն:
-Առիթ չեմ ունեցած, ինծի չեն ուղղորդած ու առաջարկած, չեն հրաւիրած: Լաւ կ’ըլլար, որ մեկնումէկը ատիկա կազմակերպէր, սիրով կը համաձայնիմ: Ես հանդիպած եմ նաեւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարին, որ տեղեակ է իմ գործունէութենէս:
–Պարո՛ն Սալիպեան, ի՞նչ կ’ըսէք Հայաստան ներմուծուող սիլիքոնէ կրծքապարկերու` (Implant) մասին. ինչպիսի՞ն են ատոնք որակային եւ գնային առումներով. թանկ չե՞ն:
-Կան բարձրորակ եւ ցածրորակ սիլիքոնէ տեսակներ. ըսեմ ,որ Հայաստանի մէջ ատոնք աւելի աժան են, մատչելի է գինը` 400 տոլար, կան նաեւ անվճար տարբերակներ, իսկ Ամերիկայի մէջ շատ թանկ արժեն: Հայաստան գալուս` ես հետս կը բերեմ անվճար հիմունքներով, սակայն այս այցիս, դժբախտաբար, չեմ բերած. Սեպտեմբերին անպայման կը բերեմ: Լաւ որակ է ԱՄՆ-ի 2 ընկերութիւններու արտադրանքը:
–Դուք անվճա՞ր կը կատարէք բժշկական միջամտութիւններն ու վերականգնողական աշխատանքները:
-Այո՛, ես այդ ամէնը բարեգործական հիմունքներով կ’ընեմ: Ես իրենց հետ համաձայնութեան եկած եմ, որպէսզի վիրահատութեան համար ոչինչ առնեն հիւանդներէն:
–Յարգարժան դոկտո՛ր Սալիպեան, ըսէք, խնդրեմ, թէ ինչն էր Ձեզի մղեց բարեգործութեան, կա՞ր որեւէ շարժառիթ…
-Քանի մը պատճառներ կան. գլխաւոր պատճառն այն է, որ Հայաստան գալով`ես տեսայ, որ աշխարհի մէջ ընդհանրական դարձած վերականգնողական միջամտութիւնը այստեղ չեն ըներ եւ որոշեցի նախաձեռնել ինքս, նաեւ կանանց տեղեակ պահել , որ կայ այդպիսի վերականգնողական միջամտութիւն. կինը պէ՛տք է իմանայ, ատիկա իր իրաւունքն է:
–Այդ դժուար ու անհրաժեշտ մասնագիտութիւնը ո՞ւր սորված էք, գերդաստանին մէջ ունեցա՞ծ էք բժիշկներ:
-Ուսանած եմ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, իսկ գերդաստանիս մէջ մեծ հայրս բժիշկ եղած է:
–Շնորհակալութիւ՛ն, հայրենակից, շնորհակալութիւ՛ն բժիշկ` Ձեր` հայու ազնուածին տեսակին համար:
Կարինէ Աւագեան