Հալէպի Հրթիռակոծումը կը Շարունակուի. Զոհերուն Մէջ է Հայուհի մը

Յունիսին 4-ին  Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին հրթիռակոծել Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի բանջարեղէնի շուկան, Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ եւ Համտէնիէ շրջանները։ Նշեալ շրջաններուն մէջ 29 մարդ զոհուած է, 40-ը վիրաւորուած։ Զոհուածներու շարքին է հայուհի մը

 Պէթի Ներսէսեան (1980-ի ծնունդ Սուլէյմանիէ)։

Վիրաւորներու մէջ կան 4 հայեր

Գաթրին Խաչոյեան,

Լուսին Պարշիք,

Նորա Սարգիս

Կարապետ Խաչոյեան

Վիրաւորներուն վիճակը կայուն է։

Մարդկային կորուստներուն կողքին արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ, քանդուեցան բնակարաններ։

Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկ

Scroll Up