«Քեզ Հետ Եմ, Հա՛յ Զինուոր». Ամերիկահայերու Նոր Արշաւը

Support Armenia բարեգործական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ` արդէն  քանի մը շաբաթ է, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող հայ յայտնիները իրենց ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը տեղադրեն լուսանկար «Քեզ հետ եմ, հա՛յ զինուոր» գրառումը:

Նախաձեռնութեան նպատակն է ամերիկաբնակ հայ համայնքէն հաւաքել դրամական միջոցներ եւ տրամադրել զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած զինուորներուն` առաջնահերթութիւնը տալով ծանր վիրաւորներուն:

Այդ նպատակով Յունիս 12-ին կը նախատեսուի լայնածաւալ հեռուստամարաթոն, որ ուղիղ եթերով կ’ըլլայ 13 ժամ եւ կը ցուցադրուի  քանի մը նահանգներու մէջ: Support Armenia բարեգործական կազմակերպութեան մասնաճիւղեր կան ամերիկեան  քանի մը նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ:

Scroll Up