ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն Ներս Տեղի Ունեցաւ Հայ Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Հոգեհանգիստ

Թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յոﬖան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հրաւէրով Ապրիլ 5-ին առաջնորդանիստ Սբ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Լոս Անճելըսի հոգեւորականներու եւ երգչախումբի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախի սահմանաﬔրձ գիւղերուն մէջ նահատակ զինուորներուն եւ քաղաքացիական անձանց նուիրուած հոգեհանգիստ: Այդ մասին յայտնած են Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեﬕ մամլոյ դիւանէն:

Մասնակիցները նաեւ աղօթեցին վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար: Արարողութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազան Հայրը, որ ողջունեց Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեանը, խորհրդական Ռազﬕկ Ստեփանեանը, Ռուսաստանի հայերու ﬕութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը եւ թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Յովսէփ Գանիմեանը:

Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանէն ժամանած «Արէն Տիգրանեան մանկական երգչախումբը»: Հայրենիքի պաշտպանութեան աջակցելու համար Առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքոյ հիﬓուած է ՙ«Հայրենեաց Պաշտպանութեան Ֆօնտ»:

Առաջնորդարանը բոլորին կոչ կ’ուղղէ ուժեղ ու ﬕասնական ﬓալ հոգիով եւ զօրակցութիւն ցոյց տալ հայ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն եւ վիրաւոր քաղաքացիական անձանց:

 

Scroll Up