Պոսթընահայ Աշակերտները` Արցախի Ու Հայ Զինուորի Կողքին
Մայիս 13-ին Պոսթընի Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրոցի ամէնամեայ տօնավաճառը, ուր պիտի վաճառուին նաեւ Արցախի զինուորներուն համար դպրոցի աշակերտներու պատրաստած արուեստի գործերը:
«Արցախի մեր ժողովուրդին եւ սահմանները պաշտպանող զինուորներուն աջակցելու համար Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանի սաները նամակներ կը գրեն մեր զինուորներուն, կը նկարահանեն տեսանիւթ, իւրաքանչիւր աշակերտ կը պատրաստէ նաեւ արուեստի գործեր, որոնք կը վաճառուին դպրոցի տարեկան տօնավաճառին»,- «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեան:
Աւելցնենք նաեւ, որ Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանը այլ հայկական կազմակերպութիւններու հետ համաֆինանսաւորած է Ապրիլ 29-ին Պոսթընի Հայկական մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ կազմակերծուած «Արցախի հետ միասին» բարեգործական համերգը:
Համերգի հասոյթը` 20 հազար ԱՄՆ տոլար, Արցախին կը փոխանցուի Հայ օգնութեան միութեան միջոցով: