Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը 5000 Տոլարով Կը Բանայ Նահատակ Զինուորներու Ընտանիքներուն Օգնելու Հանգանակութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/127.jpg)
Չսպասելով համահամայնքային հանգանակութեան ակնկալուած արշաւի մը մասին յայտարարութեան, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քահանայ Վասիլեան եւ հոգաբարձութեան կազմը որոշեցին ճամբան բանալ՝ 5000 տոլար յատկացնելով նահատակ զինուորներուն աջակցելու նպատակին:
Նշենք, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկած է համացանցի ճամբով նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու հանգանակութեան:
Ձեր նուիրատուութիւնները կր-նաք փոխանցել շրջանիս ՀՕՄի գրասենեակ կամ ուղղակի՝ այցելելով կայքէջը:
Երէկ առաօտեան, այս դրութեան հաստատումէն քանի մը ժամ ետք, արդէն իսկ 45 հայորդիներ նուիրած էին 14,150 տոլար:
Asbarez