Յու­նա­հա­յու­թեան օ­րի­նա­կե­լի մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցու­թեան դրա­մա­հա­ւա­քը փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց. Հա­ւա­քո­ւե­ցաւ 61030 եւ­րօ

Մեր գա­ղու­թը ազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան զօ­րա­շար­ժի բա­ցա­ռիկ օր մը նո­ւա­ճեց ե­րէկ՝ 22 ­Մա­յիս 2016ին։
Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցու­թեան եւ օ­ժան­դա­կու­թեան նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քի ֆո­նե­թո­նը ե­րէկ հպար­տու­թեամբ հա­մա­կեց ոչ միայն նո­ւի­րա­հա­ւա­քի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու յու­նա­հայ ազ­գա­յին­նե­րուն հե­ռա­ձայ­նով դի­մող կա­մա­ւոր­նե­րը, այ­լեւ նոյ­նինքն մեր գա­ղու­թի իւ­րա­քան­չիւր զա­ւա­կը, որ հա­կա­ռակ ­Յու­նաս­տա­նը տագ­նա­պեց­նող ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մին՝ ան­սա­կար­կօ­րէն ըն­դա­ռա­ջեց Ար­ցա­խի Օ­ժան­դա­կու­թեան ­Ֆոն­տի նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան կո­չին։

Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8, մեր կա­մա­ւոր­նե­րը հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ հաս­տա­տե­ցին հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հայ հա­մայնք­նե­րուն մէջ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի թշնա­մա­կան հա­րո­ւած­նե­րը դի­մագ­րա­ւող Ար­ցա­խի հա­յոց բա­նա­կին եւ քա­ջա­րի ժո­ղո­վուր­դին նիւ­թա­պէս օգ­նու­թեան հաս­նե­լու դի­մու­մով։

Ար­ցա­խին զօ­րակ­ցու­թեան փու­թա­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Մա­յի­սի սկզբնա­ւո­րու­թեան, նո­ւի­րա­հա­ւա­քի կո­չով հան­դէս ե­կաւ Ար­ցա­խի Օ­ժան­դա­կու­թեան ­Ֆոն­տը, որ կը խմբէ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւնն ու ­Թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չը, ­Հա­մազ­գա­յի­նը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը։

Շա­բաթ­նե­րու վրայ եր­կա­րած կա­մա­ւոր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը օ­րը օ­րին հրա­պա­րա­կո­ւե­ցան «Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րէն։ Իսկ ե­րէ­կո­ւան ֆո­նե­թո­նի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան՝ ա­ւե­լի քան 80 կա­մա­ւոր­ներ, եր­կու շրջա­փու­լով, հե­ռա­ձայ­նի վրայ տա­սը ժամ ի­րենց ա­ռա­ւե­լա­գոյն ճի­գը թա­փե­ցին, որ­պէս­զի կա­րե­նան կապ հաս­տա­տել ցան­կագ­րո­ւած իւ­րա­քան­չիւր յու­նա­հա­յու հետ՝ զայն հրա­ւի­րե­լով Ար­ցա­խի դրա­մա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­լու ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թեան։ Ա­ռա­ւել, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն եւս ե­ղան հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պեր այդ շրջան­նե­րու հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։

Ֆո­նե­թո­նի ա­ւար­տին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, ա­ւե­լի քան 60 հա­զար եւ­րօ հա­ւա­քո­ւած էր՝ ազ­գա­յին պարտ­քը կա­տա­րած ըլ­լա­լու ինք­նա­բա­ւու­թեամբ լեց­նե­լով բո­լո­րը՝ թէ՛ նո­ւի­րա­հա­ւա­քի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը, թէ՛ մա­նա­ւանդ նո­ւի­րա­տու­նե­րը, ո­րոնց կե­ցո­ւած­քը օ­րի­նա­կե­լի եւ ող­ջու­նե­լի է։

Ֆո­նե­թո­նի ըն­թաց­քին, կա­մա­ւոր­նե­րուն եւ հան­գա­նա­կիչ մարմ­նոյ մօտ այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի փոխ նա­խա­գահ Է­տո­ւարտ ­Շար­մա­զա­նով՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Հ.Հ. դես­պան ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեա­նի, ո­րոնք բարձր գնա­հա­տե­ցին Ար­ցա­խի ի նպաստ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին կա­մա­ւոր­նե­րը։

Ար­ցա­խի օ­ժան­դա­կու­թեան դրա­մա­հա­ւա­քը ան­շուշտ չ­՚ա­ւար­տիր ֆո­նե­թո­նով։ Ար­ցա­խի Օ­ժան­դա­կու­թեան ­Ֆոն­տը կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել եւ նո­ւի­րա­տու­նե­րը կրնան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել՝

Ա.- ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ALPHA BANK (IBAN) GR 02 0140 1140 1140 0200 2005 300 ΑΡΜΕΝΙΚΟΣ ΚΥΑΝΟΥΣ ΣΤΑΥΡΟΣ հա­շի­ւին փո­խան­ցում կա­տա­րե­լով։

Բ.- Կր­նան դի­մել «Ա­զատ Օր»ի գրա­սե­նեա­կին ու մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ ա­կումբ­նե­րուն՝ ուղ­ղա­կի գու­մա­րը յանձ­նե­լով եւ ստա­ցա­գի­րը ստա­նա­լով։

Կը յի­շեց­նենք, որ «Ա­զատ Օր» պի­տի շա­րու­նա­կէ հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նել ա­նո­ւա­նա­ցան­կը նո­ւի­րա­տու­նե­րուն։ Իսկ Ար­ցա­խի նո­ւի­րա­հա­ւա­քին ամ­բողջ հա­սոյ­թը պի­տի փո­խան­ցո­ւի ուղ­ղա­կիօ­րէն Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ տրա­մադ­րո­ւե­լու հա­մար Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի կա­րիք­նե­րուն։

Այս մասին կը յայտնէ Ազատ օր:

Scroll Up