ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց «Եւրոպահայերը Յանուն Հայաստանի Զարգացման» Ընկերութեան Նախագահ Արտակ Սերգոյեանը

Ապրիլ 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պելճիգայի մէջ գործող  «Եւրոպահայերը յանուն Հայաստանի զարգացման» ընկերութեան նախագահ Արտակ Սերգոյեանը, որ Հայաստան եկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն պելճիգահայ համայնքին կողմէ օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

 Ինչպէս նշեց Արտակ Սերգոյեան` օգնութիւնը տրամադրուած է Արմաւիրի մարզի զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արտակ Սերգոյեանին հայրենանուէր գործունէութեան համար եւ խնդրեց իր երախտագիտութիւնը փոխանցել պելճիգահայ համայնքի բոլոր անդամներուն:

 Հանդիպման ընթացքին հիւրը նախարարին տեղեկացուց, որ իրենց կազմակերպութիւնը թէեւ ընդամէնը 2 տարի է, որ ստեղծուած է, սակայն բաւական լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ ինչպէս համայնքէն ներս, այնպէս ալ Հայաստանի հետ կապերու սերտացման ոլորտին մէջ: Արդէն իսկ, տարբեր տեսակի աջակցութիւններ  ցուցաբերուած են Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց   այսուհետ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու այդ աշխատանքները:

Քննարկուեցան նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը զարգացնելուն եւ նախարարութեան ծրագիրներուն պելճիգահայ համայնքի մասնակցութիւնը աշխուժացնելուն առնչուող հարցեր:

Scroll Up