«Մենք Ենք Հալէպը» Նշանաբանով Հալէպի Պատանիները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ Տարելիցը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/Հալեպ10-300x225.jpg)
Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի կազմակերպութեամբ, Հալէպի նստավայրի մասնաճիւղերը Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016ի կէսօրուան ժամը 1:00ին, համախմբուեցան Ա.Մ.Ժ.Տ. «Լ. Շանթ» սրահէն ներս, ուր Ծերուն Գահուէճեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական եղելութիւնը, Օսմանեան Կայսրութեան անմարդկային արարքները, հասնելով մինչեւ Նեմեսիս եւ արդարահատոյց:
Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը վաւերագրական տեսերիզի մը միջոցաւ կենդանի պատկերներ ներկայացուց ջարդարար թուրքին կողմէ իրագործուած տեղահանութիւններուն ու կանխամտածուած ծրագիրներուն մասին: Նկատելի էր, որ հնգամեակէ մը ի վեր պատերազմի մէջ ծլարձակած մատղաշ սերունդ մը ամենայն երկիւղածութեամբ եւ լրջութեամբ կը հետեւէր մատուցուած նիւթերուն, յատկապէս սահմրկեցուցիչ պատկերներուն, որոնք թէեւ յուզեցին անոնց անմեղունակ հոգիները, սակայն դասախօսին խրախուսիչ խօսքերով եւ սրտբաց զրոյցով պարման պարմանուհիները վերանորոգեցին իրենց ուխտը, դառնալու իսկական ժառանգորդներն ու պահանջատէրները Հայ Դատին:
Ապա բոլորը քայլարշաւով մը միասնաբար ուղղուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին, տեղւոյն Մեծ Եղեռնի յուշաքարին առջեւ ծաղկեմատոյց կատարելով:
Հուսկ, բոլորը ներկայ գնուեցան Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Ս. Թէհլիրեան» եւ Սիմոն Վրացեան Կեդրոնի «Աբրահամ Աշճեան» սրահներէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին առիթով կազմակերպուած միութենական ներքին ցուցահանդէսներուն:
Ապա պատանիները պահանջատիրական երթը շարունակելու յանձնառութեամբ վերադարձան իրենց առօրեային:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: