Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի Ապրիլեան Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ՝ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ աշակերտական ոգեկոչական ձեռնարկ կատարողութեամբ Հայ Աւետարա-նական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի:

Գարնան գալուստով իւրաքանչիւր անհատի ներաշխարհը հրճուանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցուի, սակայն արիւնարբու թուրքին ձեռամբ իրագործուած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդդէմ հայ ժողովուրդին խլեց հայու ժպիտն ու երազանքները: Սակայն հայը շնորհիւ իր զօրաւոր կամքին եւ կենսասիրութեան այսօր կը շարունակէ իր երթը պահանջելով իր արդար դատն ու իրաւունքները: Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտները, որպէս ջահակիրը սոյն դատին եւ առաքելութեան համախմբուած էին ոգեկոչելու յիշատակը մեր անմեղ նահատակներուն:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ վարժարանիս Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Պէթթի Գրաճեան Եփրեմեանի բացման խօսքով: Ան իր խօսքին մէջ մատնանշեց այսօրուան հաւաքին նպատակը բացատրողականութեամբ եւ առօրեային կիրարկուելիք մեր պարտականութիւններու գիտակցութեամբ:
Ապա 10-րդ կարգի աշակերտները՝ Սարօ Արման Չուլճեան, Սիլվա Արմանի Չուլճեան, Արին Շահինեան, Քրիստափոր Մինասեան եւ Շողեր Գերպապեան հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը, ուր մարմնաւորուեցաւ Մեծանուն բանաստեղծ Դանիէլ վարուժանի տիպարը եւ անոր առընթեր հայ ժողովուրդի տարիներու մղած պայքարն ու պահանջատիրութեան աշխատանքները:

Թատերական ներկայացման զուգահեռ գեղարուեստական յայտագիրով աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին նուագակցութեամբ եւ ասմուքով: 6-րդ Կարգէն Լուսինէ Սազեան եւ Բերլա Խաչքըզեան ասմունքեցին Համաստեղի «Հայու Ոգին», առաջին կարգէն խումբ մը աշակերտներ՝ Յ. Շիրազի «Ո՞րն է Պապօ» քերթուածը: Շողեր Գերպապեան եւ Նարինէ Սազեան ֆլիւթի վրայ նուագեցին «Կոտորածն Անգութ» կտորը, ինչպէս նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Կիլիկիա» երգի նուագակցութեամբ իրենց ընկերներուն հետ, ինչպէս՝ Մասիս Արսլանեան «ջութակ», Մանօ Միւրէգեան«ֆլիւթ», Քրիստ Եաղճեան «դաշնակ» եւ Զոհրապ Միւրէգեան «թագ ջութակ»:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի բացատրողական ներկայացում կատարեց Միրնա Քէպապճեան զուգորդուած սահիկի ցուցադրութեամբ:

Աւարտին բոլոր աշակերտները փունջ մը հայրենասիրական եւ ազգային երգեր երգեցին: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ:

13010770_574999559344667_2590838078583344937_n 13055442_574998716011418_7653343445948752129_n

Scroll Up