Սուրիոյ Խորհրդարանի Նիստին Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Թողարկելու Դիմուոմ Ներկայացուց

19 հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, ուր ներկայ կը գտնուէր Կապի եւ Ճարտարագիտութեան նախարար Ալի ալ-Զաֆիրը, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունեցաւ եւ պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է՝ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դրոշմաթուղթ թողարկելու: Իր դիմումին մէջ դոկտ. Արիսեան ըսած է. «Առաջարկով կը դիմեմ Փոստային հաստատութեան յատուկ թեմաներով դրոշմաթուղթեր թողարկելու, որոնք նուիրուած ըլլան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու Սէյֆոյին»:

Նախարար ալ-Զաֆիրը, երեսփոխան դոկտ. Արիսեանին դիմումը իրականացնելու իր համաձայնութիւնը յայտնած է:

Նշենք, որ դրոշմաթուղթեր թողարկելու պատասխանատու մարմինը՝ Փոստային հաստատութիւնը կը պատկանի Կապի եւ Ճարտարագիտութեան նախարարութեան:

Այս մասին կը յայտնէ Perio news:

Scroll Up