Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը, Աշխարհահռչակ Հիւրերը Յարգանքի Տուրք Մատուցանեցին Ծիծեռնակաբերդի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/844780.jpg)
Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցանեցին 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուցած ոճիրի` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Անմար կրակին մօտ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, պաշտօնատար անձիք գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սպաննուած 1,5 միլիոն հայերուն յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան` տիկնոջ Ռիտա Սարգսեանի հետ, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:
Երկրի բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին նաեւ աշխարհահռչակ հայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուր, հոլիւուտեան դերասան Ճորճ Քլունի, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներն ու մասնակիցները, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ համաշխարհային համաժողովի մասնակիցները: