“Հայաստան” Հիմնադրամի 17-րդ Հեռուստամարաթոնի Արդիւնքը` 12 399 550 Տոլար
Հեռուստամարաթոն 2014-ը արձանագրեց 12 399 550 տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Հաւաքուած գումարը պիտի ուղղուի հայկական երկու հանրապետութիւնները իրարու կապող մօտ 116 քմ. երկարութեամբ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի ասֆալտապատման եւ յարդարման, ինչպէս նաեւ բարերարներու կողմէ ընտրուած յատուկ ծրագիրերուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ “Հայաստան” Համահայկական հիմնադրամի պաշտօնական կայքը: