«Շնորհալի» Եւ «Արեգակ» Երգչախումբերու Ոգեկոչման Ելոյթը New York Times Square Հրապարակին Վրայ
Ապրիլ 24-ին New York Times Square հրապարակին վրայ բողոքի ցոյցէն յետոյ տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ գործող «Շնորհալի» եւ «Արեգակ» երգչախումբերու ելոյթը:
«Արդէն 25 տարի է, որ «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան կողմէ աւանդաբար կը կազմակերպուի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս ձեռնարկը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայէ: Սուրբ Պատարագի աւարտէն յետոյ կը սկսի ձեռնարկի համերգային մասը, որուն ներկայ պիտի ըլլան համայնքային կազմակերպութիւններէն, միութիւններէն ներկայացուցիչներ, տարբեր նահանգներէ քաղաքական գործիչներ, ԱՄՆ Սենատէն եւ Քոնկրէսէն անդամներ, նոյնիսկ Նիւ Եորք ապրող ականատեսներուն կը հրաւիրեն»,-«Հայերն այսօրի» թղթակիցին տեղեկացուց երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար, օփերայի երգիչ Վաղարշակ Օհանեան եւ աւելցուց, որ համերգային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան «Հայր Մեր» կատարումը, «Մեր Հայրենիք» օրհներգը, ինչպէս նաեւ «God bless America» եւ «The Star-Spangled Banner» ստեղծագործութիւնները:
«Խրախուսելի են նման ձեռնարկներուն յատկապէս հայ երիտասարդներու ներգրաւումը, քանի որ այս միջոցով անոնք մոռացութեան չեն մատներ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, եւ որ, ամենակարեւորն է, իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն Հայ Դատի արդարացի լուծման ուղղութեամբ»,-իր խօսքը եզրափակեց Վաղարշակ Օհանեան:
Աւելցնենք նաեւ, որ երգչախումբի կազմին մէջ ելոյթ պիտի ունենան նաեւ օտարազգի երիտասարդներ: