Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ «Սթենֆըրտ» Համալսարանին Մէջ
ՍԹԵՆՖԸՐՏ.- «Սթենֆըրտ» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան համալսարանին մէջ։
Ստորեւ գալիք ձեռնարկները.
– Ապրիլ 14, երեկոյեան ժամը 7ին, Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմի ցուցադրութիւնը, դոկտորականի թեկնածու Սըրպինա Փափազեանի նախաբանով։ Վայր՝ Encina Hall, 2nd floor, CISAC Conference Room (616 Serra Street)։
– Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 5։15ին, փրոֆ. Ռանըլտ Գրիգոր Սիւինի պիտի խօսի Ցեղասպանութեան պատճառներուն մասին, «Անոնք կրնան միայն անապատին մէջ ապրիլ» խորագիրով դասախօութեան մը ընթացքին։ Վայր՝ History Corner, 200-203 (450 Serra Mall)։
– Ապրիլ 20ին, կ.ե. ժամը 4ին, «Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Սփիւռքը» նիւթով քննարկում, մասնակցութեամբ՝ Սոնա Սուլուքեանի, Սըրպինա Փափազեանի, Հրանդ Խաչատուրեանի, Սթեֆընի Քալֆայեանի, Սիփան Բարսեղեանի եւ Նորմըն Նայմարքի։ Վայր՝ Humanities Center (424 Santa Teresa Street)
– Մայիս 7ին, կ.ե. ժամը 12-1, փրոֆ. Թաներ Աքչամ պիտի դասախօսէ «Աստիճանական Արմատացում. Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումին գործընթացը»։ Վայր՝ History Corner, 200-307 (450 Serra Mall)։
Ձեռնարկները կը վայելեն համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքի համահովանաւորութիւնը։
Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ: