Վիսենթէ Լոփէս Կրկին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունեց

Ապրիլ 21-ին Արժանթինի Վիսենթէ Լոփէս քաղաքի Քաղաքային խորհուրդի լիագումար նիստին, որ մասնաւորապէս գումարուած էր Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակաման համար, խորհուրդը վերստին Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունեց, այն որակելով իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն` կատարուած Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:

Քաղաքային խորհուրդին ելոյթ ունեցող անդամները հաստատեցին իրենց դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, նշելով, որ այն արժանի է դատապարտման եւ ճանաչման:

Նիստի աւարտէն յետոյ յարակից բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշատախտակի բացում: Խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքային խորհուրդի նախագահ Քառլոս Սանտան, որ հիացմունքով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին եւ արժանթինահայ համայնքին մասին, նշելով, որ հայերուն համար Արժանթինը հարազատ վայր է, եւ իրենք միշտ պատրաստ են սատարելու անոնց արդար ապրելու իւրաքանչիւր իրաւունքը: Այնուհետեւ հայ համայնքին անունէն խօսք ըսաւ Խորխէ Թոսունեան, որ կարեւոր համարեց այն փաստը, որ Արժանթինը միշտ կանգնած է հայերուն կողքին եւ կ’օգնէ  մեզի համար կարեւոր խնդիրներու մէջ: Վերջինս անդրադարձ ունեցաւ նաեւ վերջին օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն, փաստելով, որ Արցախը մշտապէս եղած է հայկական, եւ Ատրպէյճանի բոլոր նպատակներն ու ցանկութիւնները անհիմն են:

Այնուհետեւ ներկաներուն իր օրհնութիւնը բերաւ Արժանթինի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեան, նշելով, որ  հայերս խորունկ արմատներ ունինք ինչպէս Մայր հայրենիքի մէջ, այնպէս ալ Արժանթինի` իբրեւ լիրաւ քաղաքացիներ, եւ շնորհակալ ենք այն մեծ աջակցութեան համար, որ կը ստանանք Արժանթինի կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ:

Հանդիպման ներկայ էին արժանթինահայ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դպրոցականներ:

2

Scroll Up