Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիի բացում Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ

Խորհրդանշական թուականի մը՝ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին զուգադիպեցաւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ զետեղուած Կոմիտասի կիսանդրիի զետեղումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օրը»:

Նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Ս. Արք. Տողրամաճեանի, Գոքինիոյ եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւներու եւ Ազգային Վարչութեան ու  գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներու, Կիրակի 2 Նոյեմբերին, առաւօտեան պատարագի աւարտին, եկեղեցի համախմբուած ժողովուրդը ուղղուեցաւ շրջաբակ, կիսանդրիի բացման արարողութեան մասնակից դառնալու եւ յարգելու անմահ վարդապետի յիշատակը:

Պատուոյ պահակագունդի դերը ստանձնած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց խմբապետներով եւ դրօշակներով՝ պատուի առին մեծն վարդապետի յիշատակը:

Գոքինիոյ Թաղային Խորհուրդը ատենէ մը ի վեր ունէր այս ծրագիրը, որ յաջողեցաւ իրագործել՝ լաւագոյն ձեւով յարգելով հայու հոգին շնչաւորած անկրկնելի երաժիշտը:

Կիսանդրիի բացումը կատարեցին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ քանդակագործ Լուտվիկ Զատիկեանը:

Տեղի ունեցաւ կոկիկ հանդիսութիւն, ուր բացման խօսքը կատարեց Միլենա Ասլանեան, հրաւիրելով Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտըճեանը, որ հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ վարպետի կենսագրական գիծերն ու գործունէութիւնը ներկայացուց:

Ապա բեմ բարձրացաւ Յովսէփ Ասատուրեան, որ ասմունքեց Կոմիտաս վարդապետի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, հեղինակութեամբ Մկօ Փանոսեանի, Կայլակ ծածկանումով:

Խօսք առաւ քանդակի հեղինակ պրն. Լուտվիկ Զատիկեանը, որ իր ուրախութիւնն ու յուզումը յայտնեց իրեն վստահուած գործին համար:

«Խօսի՛ր վարդապետ, խօսի՛ր Կոմիտաս եւ ցոյց տուր աշխարհին թէ ինչպէս կը գոյատեւէ հայը, ինչպէս կը վերակենդանանայ ան, նոյնիսկ դառն ճակատագիրը ճաշակելէ ետք» խօսքերով արտայայտուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, խօսելով հայութեան եւ հայ մշակոյթին մեծագոյն ժառանգը թողած Կոմիտաս վարդապետի (Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեանի) մասին, որ պատանեկութեան տարիներէն ցոյց տուաւ իր տաղանդը հայ ժողովրդային երաժշտութեան մշակման ու պահպանման գործին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքով վեր առաւ Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը ու համազգային արժէքը նշելով, թէ «100ամեակի սեմին գտնուելով, Գոքինիոյ շրջանիս Ս. Յակոբ եկեղեցին իր միութիւններով եւ հաստատութիւններով առաջին քայլը առաւ զետեղելով Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրին, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները տեսնելով Կոմիտասի դէմքը առաւել եւս փարին եւ կառչած մնան Հայ մշակոյթին, Հայ եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ մեր ազգային ժողովրդական երգերուն»: Ապա շնորհաւորեց արուստագէտ քանդակագործը եւ շրջանի հոգեւոր հովիւն ու թաղային խորհուրդը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ եւ Սփիւռքի մէջ Ցեղասպանութեան տառապանքներն ու հետեւանքները կրած հայութեան համար խորհրդանշական վերածնունդ մըն է Կոմիտաս վարդապետի յիշատակի յարգումը, որ ինք եւս ապրեցաւ 1915ին հայ մտաւորականութեան հասցուած հարուածը, ճաշակեց տարագրութեան մղձաւանջը, թէեւ մարմնապէս փրկուելով սպանդէն, սակայն կորսնցնելով իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը:

Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ կէսօրուայ ճաշկերոյթ «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս:

zavarian-gomidas1_5-11-14 zavarian-gomidas5_5-11-14 zavarian-gomidas6_5-11-14

Scroll Up