Ուրուկուէի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Արցախի Հարցով Հանդիպած Են Երկրի ԱԳ Նախարարին

Ուրուկուէի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի եւ Թեմի առաջնորդ տ. Յակոբ արք. Գլնճեանի նախաձեռնութեամբ` Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցաւ բազմամարդ հաւաք Ուրուկուէի մայրաքաղաք Մոնթեւիտէոյի Ազատութեան հրապարակին վրայ`դատապարտելու համար Ատրպէյճանի ռազմական վայրագ գործողութիւնները` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան եւ սահմանապահ զինուորներու դիրքերուն դէմ:
Միաժամանակ համայնքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին եւ ցաւակցեցաւ զոհեալներու հարազատներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ուրուկուէի հայ համայնքէն:
Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Ուրուկուէի պետութեան ներկայացուցիչներ, եղան ելոյթներ եւ բաժնուեցան սպաներէն լեզուով բացատրական թռուցիկներ:
Հիւպատոսի եւ Սրբազանի գլխաւորութեամբ` համայնքի ներկայացուցիչները` Արփին Հոճաճանեան եւ Պենիամին Քեմանեան, հանդիպումներ ունեցան Ուրուկուէի արտաքին գործոց նախարարին, Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանին եւ Ֆրանսայի դեսպանատան ներկայացուցիչներուն հետ: