Երուսաղէմի Միացեալ Յանձնախումբի Անդամները ՊԲ-ին Դեղորայք Եւ Բժշկական Սարքեր Տրամադրած Են
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանական կարիքները բաւարարելուն միտուած բարեգործական նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են Երուսաղէմի միացեալ յանձնախումբի անդամները, որոնք կեդրոնացնելով տեղի հայ համայնքի ներուժը պաշտպանութեան բանակին համար ձեռք բերած են դեղորայք եւ բժշկական սարքաւորումներ, զինծառայողներուն համար նախատեսուած անհատական դեղատուփեր:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն։
Մայիս 27-ին միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ընդունած է ԼՂՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յանձնախումբին կողմէ ՊԲ-ին ուղղուած ծրագրային յետագայ նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Այնուհետեւ միացեալ յանձնախումբի անդամները այցելած են Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոց, տրամադրած են դեղորայք եւ բժշկական սարքեր, ծանօթացած վիրաւոր եւ առողջական այլ խնդիրներ ունեցող զինծառայողներու հետ: Հիւրերը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են բուժանձնակազմին ապրիլեան իրադարձութիւններուն ժամանակ մասնագիտական պարտքը բարձր մակարդակով կատարելու համար եւ հաւաստիացուցած, որ այսուհետեւ եւս պատրաստ են հանդէս գալու նման նախաձեռնութիւններով:
Միացեալ յանձնախումբի անդամները նոյն առաքելութեամբ այցելած են նաեւ բանակային առաջնագիծ: