Դանիոյ Թագաւորութեան Գաղթականութեան Ծառայութեան Պատուիրակութիւնը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/168.jpg)
Ապրիլ 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Դանիոյ Թագաւորութեան գաղթականութեան ծառայութեան վարչութեան պետի տեղակալ Էլզէ Օլկարտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին աւագ խորհրդատու Հենրիէթ Վիթչէնը եւ երկրի աւագ խորհրդական Գենէթ Մոլլերը:
Հանդիպման ընթացքին հիւրերը ներկայացուցին Դանիոյ Թագաւորութեան մէջ փախստականներուն եւ ապաստան հայցողներուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ հետաքրքրուեցան Հայաստանի մէջ քաղաքացիութիւն եւ երկքաղաքացիութիւն ստանալու իրաւական հիմքերու, սուրիահայերու կարգավիճակի, արտագաղթի պատճառներուն մասին:
Հանգամանալի պատասխանելով հիւրերուն հետաքրքրող հարցերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վրայ` ընդգծելով, որ եւրոպական բոլոր կառոյցները պարտաւոր են միաւորելու ուժերը եւ ձայն բարձրացնելու նման վայրագութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն դէմ` անով իսկ նպաստելով աշխարհի մէջ փախստական դառնալու պատճառները վերացնելուն: