Վոլկոկրատի Հայ Համայնքի Աջակցութիւնը` Հայ Զինուորներուն

ՌԴ Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Շամիրեան, Վոլկոկրատի հայ համայնքի ղեկավար Արթուր Մարտիրոսեան եւ համայնքային այլ ներկայացուցիչներ, Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրահրած ռազմական բախումներու լուրը լսելով, անմիջապէս շտապած են Արցախ` բարոյահոգեբանական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու բնակչութեան եւ ոգեւորելու դիրքերու մէջ մարտնչող հայ զինուորներուն:

«Մեր զինծառայողներուն համար համայնքին կողմէ 400 հատ զինուորական ամբողջական հանդերձանք,  24 հատ ջերմացուցիչ (тепловизор) եւ 2 հատ շտապ օգնութեան մեքենայ  բերած ենք: Բոլորս մեր խղճի առջեւ հանգիստ ըլլալու համար պատրաստակամ ենք  օգնութեան ձեռք մեկնելու  մեր հայրենակիցներուն եւ միայնակ չձգելու իրենց խնդիրներուն հետ»,-«Հայերն այսօրի» թղթակիցին ըսաւ համայնքի ղեկավարը եւ աւելցուց, որ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն Արցախ ժամանած ընկերներով` կը քննարկեն ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին հրատապ օժանդակութիւն տրամադրելու հարցը, որպէսզի շուտ վերականգնուի ատրպէյճանական յարձակումէն աւերուած գիւղն ու տեղահանուած բնակիչները իրենց տուն վերադառնալու հնարաւորութիւն ունենան:

Հեռախօսազրոյցի աւարին Ապրիլ 3-էն Արցախի մէջ գտնուող Արթուր Մարտիրոսեան տեղեկացուց, որ այժմ այնտեղ վիճակը համեմատաբար խաղաղ է. արցախցիները բնականոն կեանքով կ’ապրին, իսկ դիրքերէն վերադարձած ընկերները պատմած են, որ զինուորները մարտական բարձր տրամադրութիւն ունին եւ պատրաստ են դիմագրաւելու թշնամիի յարձակումներուն:

Scroll Up