«Մեր Զինուորներուն Կողքին» Արշաւը Ցարդ 30,000 Տոլար Կը Գոյացնէ

Արցախի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումէն ետք ազատամարտիկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն օժանդակութիւններ հասցնելու նպատակով Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի կողմէ վերաշխուժացած՝ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը, Ապրիլի սկիզբէն ի վեր կրցած է գոյացնել 30,000 տոլար գումար մը։

Այդ գումարը գոյացած է շարք մը նախաձեռնութիւններու շնորհիւ, որոնցմէ մէկն էր ՀԵԴ Կլենտէյլի ուխտին հաւաքած 3500 տոլարը, ինչպէս նաեւ՝ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտներուն հանգանակած 10,000 տոլարը։ Այդ վերջին գումարը արդէն իսկ կարելի եղած է հայրենիք հասցնել՝ Հայաստան այցելող «Փիլիպոս»ի 11րդ դասարանի աշակերտներուն հետ, մինչ դրամահաւաքի աշխատանքները կը շարունակուին։

«Մեր նպատակն է առնուազն օժանդակութիւն հասցնել քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վնասներ կրած իւրաքանչիւր ընտանիքի՝ տրամադրելով 1000 տոլար իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ յաւելեալ 250 տոլար իւրաքանչիւր երեխայի համար», կը յայտնէ «Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան։

Հայաստանի մէջ այս արշաւին աշխատանքները կը համակարգեն Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի անդամներ եւ շրջանաւարտներ։ Անոնք արդէն իսկ հանդիպումներ ունեցած են կարգ մը զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն հետ՝ գումարներ յանձնելով անոնց։

«Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի անդամ Զաւէն Քէօրօղլեան կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ շարունակէ իր նուիրատուութիւնները, Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու համար:

Անոնք, որոնք կը փափաքին աջակցիլ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին, կրնան այցելել withoursolders.com կայքը։

2012ին մեկնարկած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին նախնական նպատակն էր բժշկական աջակցութիւն տրամադրել Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն:

Scroll Up