Աւստրիահայ Համայնքը Շարք Մը Քայլեր Ձեռնարկած Է
Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին իր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելու նպատակով աւստրիահայ համայնքը շարք մը քայլեր ձեռնարկած է, կը գրէ Tert.am-ը:
Աւստրիոյ մէջ գործող բոլոր համայնքային կազմակերպութիւններու անունէն բաց նամակ կազմուած է եւ փոխանցուած Աւստրիոյ բոլոր քաղաքական մարմիններուն` երկրի նախագահի ու վարչապետի գրասենեակներ, Աւստրիոյ Դաշնային Ժողով, Աւստրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամներուն, արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին: Նամակին մէջ ս.թ. Ապրիլ 2-էն սկսած ԼՂ նկատմամբ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումները կանխելու եւ Ալիեւի վարչակազմի նկատմամբ ճնշում գործադրելու կոչ հնչեցնելէ բացի դատապարտուած են Պաքուի արկածախնդիր քայլերը` ԼՂ հիմնահարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ: Նոյն նամակը ներկայացուած է նաեւ աւստրիական եւ երկրին մէջ հաւատարմագրուած միջազգային մամուլին:
Համայնքային կազմակերպութիւնները նաեւ բողոքի ցոյց իրականացուցած են Վիեննա տեղակայուած ԵԱՀԿ գրասենեակին առջեւ, ուր ս.թ. Ապրիլ 5-ին տեղի կ’ունենար Մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստը` նուիրուած ԼՂ-ի մէջ վերջին օրերուն ռազմական գործողութիւններու վերսկսման: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները ծածանած են Հայաստանի եւ ԼՂՀ դրօշները եւ պարզած պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Մենք կը ցանկանք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն», «Ատրպէյճա՛ն. ձեռքդ հեռու Արցախէն», «Յարգէք մեր կեանքի եւ ինքնորոշման իրաւունքը», «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբ` դուք պէտք է դադրեցնէք Ալիեւի յարձակումները» կարգախօսներ: Վիեննայի կեդրոնական Հելտենփլաց հրապարակին վրայ դիմաւորելով ԵԱՀԿ գրասենեակ ժամանող արտերկրի ներկայացուցիչները, Ալիեւեան արիւնալի վարչակարգի դէմ բողոքող մեր հայրենակիցները սուլոցներով եւ աղաղակներով դիմաւորած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիւանագէտները:
Այնուհետեւ բողոքողները ԵԱՀԿ նախագահութեան յանձնած են նամակ, որուն մէջ կոչ կ’ընեն աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն` տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: