Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը. ՀՀ ՊՆ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարեւոր կը համարէ միջազգային հանրութեան արձագանգը եւ հակամարտութեան կողմերուն ուղղուած կոչերը:

Այս մասին տարածած յայտարարութեան մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛ըսէ.

«Ապրիլ 2-էն սկսած միջազգային հանրութիւնը բուռն կերպով իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրադրութեան ապակայունացման վերաբերեալ: Մասնաւորապէս, բոլոր միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւնները եւ առանձին պետութիւնները հակամարտութեան կողմերուն տարբեր ձեւակերպումներով կոչ կ՛ընեն դրսեւորելու զսպուածութիւն, դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, զերծ մնալու իրադրութիւնը լարելու քայլերէն եւ այլն:

«ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարեւոր կը համարէ միջազգային հանրութեան արձագանգը եւ հակամարտութեան կողմերուն ուղղուած կոչերը: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը: Միեւնոյն ժամանակ, իբրեւ ռազմական գործողութիւններուն չմասնակցող կողմ` ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատկապէս գնահատելի կը համարէ այն հանգամանքը, որ այդ կոչերը ուղղուած են փաստացի այդ գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած կողմերուն` Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն:

«Համակարծիք ըլլալով ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կոչերուն, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքի վրայ, որ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ուժերու միջեւ հրադադարըի հաստատման համար, քաղաքական յայտարարութիւններէն զատ, անհրաժեշտ է համաձայնեցնել եւ իրականացնել յստակ միջոցներ. մշակել հրադադարի սահմանման տեխնիկական պայմաններ, իրականացնել հակամարտող ուժերու հեռացում/բաժանում եւ հրադադարի պահպանման մեքանիզմներ:

«Միաժամանակ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան, ինչպէս նաեւ` մարդու իրաւունքներով, մարդասիրական խնդիրներով զբաղուող միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները կը հանդիսանան ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան, 1970-ի Պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու վերաբերեալ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հռչակագրի, ԵԱՀԿ 1975 թուականի Եզրափակիչ ակտի եւ Հելսինկեան գործընթացի այլ փաստաթուղթերու, շարք մը այլ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու խախտում:

«Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ի յայտ բերուած են նաեւ ատրպէյճանական զինուած ուժերու եւ զինուած խմբաւորումներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի զինծառայողներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ձեռագիրով իրականացուած բազմաթիւ գործողութիւններ, որոնք, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն, կը հանդիսանան ռազմական յանցագործութիւններ: Ատկէ աւելի ակնյայտ են զինուած ընդհարումներուն այլեւս չմասնակցող ռազմիկներու եւ ռազմագերիներու խոշտանգումները, ընդհուպ գլխատումները, անոնց նկարահանումները եւ ահաբեկչական նպատակով ցուցադրումը, այդ ուժերու վերահսկողութեան տակ մնացած խաղաղ բնակչութեան սպանութիւնները, դիակներու խոշտանգումները եւ այլն:

«ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ. իրականացուած միջազգային իրաւունքի խախտումներուն եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն համար թէ՛ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ թէ՛ ռազմական յանցագործութիւններ կատարած անձիք պէտք է ենթարկուին իրաւական պատասխանատուութեան, ինչպէս նաեւ` միջազգային հանրութեան առջեւ»:

Scroll Up