100-րդ Տարելիցի Ձիթենին Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը Մարսէլի մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս “Մարսէլ-պրովանս-հայաստան-2015” միութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Ապրիլ 25-ին Մարսէլի Բորսայի պալատի մէջ կը կազմակերպէ ֆրանս-հայկական գիրքի փառատօնը, որուն ժամանակ պիտի ներկայացուի աշխարհահռչակ հայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի մասին պատմող Ռիչարդ Ֆինդիկեանի «AZNAVOUR STORY 2015է կամ “Շառլ Ազնաւուրը Պրովանս”-ի մէջ եւ “100-րդ տարելիցի ձիթենին” ֆիլմերու ցուցադրումը, պիտի կազմակերպուին հայ նկարիչներու ցուցահանդէսներ, հանդիպում-քննարկումեր: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը յայտնէ Ֆրանսայի մեր աղբիւրը։
Ապրիլ ամսուն մարսէլի մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնըպիտիը կազմակերպէ նաեւ “Վանայ ծովուն արշալոյսը” ֆիլմի ցուցադրութիւնը` ռեժիսորներու ներկայութեամբ, Յունիս 21-ին նախատեսուած է Նունէ Եսայեանի բարեգործական համերգը` “Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք” խորագիրով (Նունէ Եսայեանի բարեգործական համերգները պիտի կազմակերպուին նաեւ կիպրոսի, Աթէնքի, Վիեննայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ):
Հոկտեմբերին Մարսէլի “Համազգային”-ի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ պիտի կազմակերպուի Հայաստանի պարի պետական համոյթի համերգը: