«Ես կը յարգեմ «Է» օժանդակ բայը». Հայկանոյշ Մեսրոպեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/haykanush.jpg)
Մայրենիի օրուան հետ կապուած` «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի բարբառագիտութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Հայկանոյշ Մեսրոպեանի հետ:
– Տիկի՛ն Մեսրոպեան, քանի՞ տարի է, որ խորամուխ եղած էք լեզուաշխարհին:
– 40 տարիէն աւելի ես այդ աշխարհին մէջ եմ: Երեւանի պետական համալսարանը աւարտելէ յետոյ աշխատանքի ընդունուած եմ Լեզուի ինստիտուտին մէջ: 1978թ. գիտութեան այդ կաճառին մէջ եմ: Այն ժամանակ բառարանագրութեան բաժինը կը կազմէր հայերէնի բարբառներու բառարան: Նուիրեալներու աստղաբոյլ մը` երջանկայիշատակ Վարագ Առաքէլեանը, Թամար Չիլինգարեանը, Հրաչիկ Կոստանեանը, Ահարոն Գրիգորեանը, Աշխէն Յակոբեանը, Գասպար Գասպարեանը, Փայլունիկ Սարգսեանը եւ այլոք կազմած էին այդ բառարանը, աշխատանքը դեռեւս ընթացքի մէջ էր: Ես` որպէս նորաւարտ, սկսայ այդ բառարանը մեքենագրելու եւ վարպետացայ բառարանի օգնութեամբ, սիրահարուեցայ բարբառագիտութեան:
– Տեղեակ եմ, որ գիտական աշխատանքին զուգահեռ զբաղած էք նաեւ լրագրութեամբ: Քանի՞ տարի կը կազմէ լրագրողական աշխատանքի Ձեր վաստակը:
– Այո՛, այդպէս է. լրագրողական աշխատանքը կազմակերպած եմ Լեզուի ինստիտուտի աշխատանքիս զուգահեռ: Լրագրողական աշխատանքս սկսաւ իմ շատ սիրելի դասախօս, յայտնի լեզուաբան, երջանկայիշատակ Ռաֆայէլ Իշխանեանի շնորհիւ: Հայաստանի անկախացումէն յետոյ Ռաֆայէլ Իշխանեան հիմնադրեց «Լուսաւորիչ» թերթը, զիս ալ, որպէս իր լաւագոյն ուսանողուհիներէն մէկը, ընդգրկեց թերթի աշխատանքներուն մէջ: Սկիզբը երեք հոգիով կ’աշխատէինք` ընկ. Իշխանեանը, Վարդան Դեւրիկեանը եւ ես: Աշխատանքի մեծ մասը Ռաֆայէլ Իշխանեաը կ’իրականացնէր: Երեքով եւ՛ կը խմբագրէինք, եւ՛ կը սրբագրէինք էջերը: Այդ տարիներուն Իշխանեանի շնորհիւ սորվեցայ դասական ուղղագրութիւն, որուն համար այնչափ երախտապարտ եմ մեծ լեզուաբանին ու հայրենասէրին: Ահա այդպէս ալ խորացայ լրագրութեան ժանրին մէջ:
– Թէ՛ Ձեր գիտական, թէ՛ լրագրողական աշխատանքները, անշուշտ, Ձեզի մղած են նաեւ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու նուիրումին: Ռաֆայէլ Իշխանեանի ուսանողուհին եւ գործընկերը ըլլալով, բնականաբար, նախանձախնդիր եղած էք հայոց լեզուի մաքրութեան հարցին մէջ եւ պայքարած էք լեզուական մեղանչումներուն դէմ: Այդպէ՞ս է…
– Այո՛: «Լուսաւորիչ» թերթէն յետոյ ես աշխատած եմ «Քրիստոնեայ Հայաստան», «Շողակն Արարատեան» թերթերուն եւ, բնականաբար, աշխատելով թերթերու մէջ, շարունակ խմբագրելով, զտելով, շտկելով կը դառնաս մայրենիի պահպանութեան, մաքրութեան զինուորը: Ինչ կը վերաբերի պայքարելուն, ըսեմ, որ ինծի սրտամօտ չէ «Մայրենիի անաղարտութեան համար պայքարիլ» արտայայտութիւնը. պայքարը ես փոխարինած եմ նուիրումով: Թերթին շուրջ կը հաւաքուէին խելացի, կայացած, փորձառու եւ ոչ փորձառու սկսնակ, սակայն խոստումնալից լրագրողներ, Վազգէնեան եւ Գէորգեան ճեմարաններու սաները: Մենք թերթի միջոցով կը մաքրէինք, զտէինք ու կը պահպանէինք մեր ոսկեղինիկ հայոց լեզուն:
– Տիկի՛ն Մեսրոպեան, Դուք գործուղուած էք Թուրքիա, ուսումնասիրած հայոց լեզուի դրուածքը դպրոցներուն մէջ, եղած էք տարբեր քաղաքներու մէջ, գիւղերու… Ձեր տպաւորութիւնները կը կիսէ՞ք «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներուն հետ:
– Անշու՛շտ: ՀՀ գիտութիւններու ակադեմիոյ կողմէ գործուղուեցայ այնտեղ` ուսումնասիրելու Թուրքիոյ մէջ հայոց լեզուի դրուածքը, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալու Թուրքիոյ տարածքին մէջ պահպանուած հայկական բարբառներուն: Պարբերաբար այցելած եմ Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր բնակավայրերը: Բնականաբար, հայոց լեզուի դրուածքը շատ աւելի լաւ հիմքերու վրայ է Սթամպուլի մէջ, ուր կեդրոնացած են շատ կրթօճախներ, «Մարմարա», «Ակօս» թերթերը, «Արազ» հրատարակչութիւնը եւ այլն: Սթամպուլի հայութիւնը մեծ նուիրումով, ջանասիրաբար կը կատարէ մայրենիին նուիրուած իր աշխատանքը: Յատկապէս կը ցանկամ նշել «Նոր զարթօնք միութեան» մասին, որուն ղեկավարն է շնորհալի հայորդի Ճան Էրզրումօղլին: Միութեան աշխատանքները կեդրոնացուած են «Մարմարա» թերթի խմբագրութեան, հայկական եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող Պէյօղլու կոչուող տարածքին մէջ: «Նոր զարթօնք»-ը կը կազմակերպէ հայերէնի ուսուցման դասընթացներ: Սթամպուլի մէջ կայ քրտախօս, թրքախօս հայութեան ստուար զանգուած մը, որ մեծ ցանկութիւն ունի սորվելու մայրենին: Քաղաքական, տնտեսական, հասարակական հանգամանքներով պայմանաւորուած` մարդոց մէջ հետաքրքրութիւն կայ մայրենի լեզուին հանդէպ, կը ձգտին սորվիլ լեզուն եւ այդ լեզուով ծանօթանալ նաեւ հայոց պատմութեան: Սուետիոյ մէջ Վագըֆ գիւղը բնակեցուած է հայերով, եւ անոնք կը խօսին Սուետիոյ բարբառով: Իմ հարցումներուս համաձայն` Անթաքիոյ մէջ 10 ընտանիք հայախօս է, բայց անոնք հայերէնին աւելի մօտ ըլլալու եւ հայկական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն չունին: Պէյլանի, Մալաթիոյ, Ատեամանի մէջ ալ կան հայերէնախօս հայեր: Հայերէնի ուսուցումը, կրթօճախները, մամուլը աւելի շատ կեդրոնացած են Սթամպուլի մէջ: «Եսայեան» դպրոցի տնօրէնը` ջանադիր տիկին մը, ըսաւ, որ իրենք հայերէնի ուսուցիչի կարիք ունին: Վերջերս Լեզուի ինստիտուտի մեր աշխատակիցներէն սուրիահայ երիտասարդ մը գնաց եւ արդէն կ’աշխատի Պոսֆորի համալսարանին մէջ:
– Այնտեղ կա՞յ որեւէ համալսարան, ուր կը գործէ հայերէնի բաժին, հայոց լեզուի ամպիոն:
– Այո՛, Թրաքիոյ համալսարանի տնօրէն Էնուէր Տուման կատարեց այդ փորձը: Ինքը, մասնագիտութեամբ ըլլալով բժիշկ, շատ լաւ գիտէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ նախաձեռնեց Թրաքիոյ համալսարանին մէջ հայոց լեզուի ամպիոն բանալու գործը: Հայոց լեզուի ամպիոններ կան նաեւ Կեսարիոյ, Կարսի համալսարաններուն մէջ, բայց… այնտեղ հայերէն կը դասաւանդեն Հայաստան ապրած, Մանկավարժական ինստիտուտ աւարտած ատրպէյճանցիներ. ազգութեամբ հայ մասնագէտներ չկան:
– Թուրքիոյ մէջ գտնուած էք միայն հայոց լեզուի դրուածքը ուսումնասիրելու՞ առաքելութեամբ, թէ՞ Ձեզի հետ տարած էք Լեզուի ինստիտուտին կողմէ մշակուած ծրագիրներ, գրականութիւն, դասագիրքեր:
– Ի հարկէ՛, տարած եմ նաեւ ծրագիրներ ու գիրքեր:
– Տիկի՛ն Հայկանոյշ, վերադառնանք Հայաստանի մէջ հայոց լեզուին առնչուող խնդիրներուն, մայրենիի աղաւաղումներուն: Շատ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան հայերէնապաշտ զանգուած մը, կը պնդէ, որ հայոց լեզուն այսօր աղէտալի վիճակի մէջ է: Համամի՞տ էք: Ին՞չ ճանապարհով կարելի է դիմագրաւել մայրենիի աղաւաղումներուն, հայոց լեզուի աղճատման:
– Ձեր ըսածին մէջ, իրօք, կայ ճշմարտութիւն, բայց պնդել, որ հայոց լեզուն այսօր աղէտալի վիճակի մէջ է, համաձայն չեմ: Ես անուղղելի լաւատես եմ եւ չեմ կիսեր այդ կարծիքը: Ես կը դասաւանդեմ տարբեր համալսարաններու մէջ եւ ծանօթ եմ գեղեցիկ, մաքուր հայերէնով խօսող հրաշալի երիտասարդութեան հետ: Ինչ կը վերաբերի հեռուստաեթերով հնչող հայերէնին, ըսեմ, որ չեմ լսեր, չեմ նայիր հեռուստացոյց, որովհետեւ ջիղերս չեն դիմանար: Ինծի համար համացանցի վրայ կ’ընտրեմ իմ ճաշակով, գեղեցիկ լեզուով նիւթեր, ֆիլմեր եւ կը բաւարարուիմ այդքանով: Սիրով կը լսեմ Հանրային ռատիօ, որովհետեւ ռատիոյով հնչող հայերէնը աւելի մաքուր է:
– Տիկի՛ն Մեսրոպեան, ես դարձեալ կը կրկնեմ հարցս` Ձեր տեսանկիւնէն ի՞նչ ճանապարհով, ի՞նչ միջոցներով կարելի է մաքրել հեռուստաեթերի լեզուն, պայքարիլ լեզուական աղաւաղումներուն դէմ:
– Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուի մասին օրէնքին մէջ յստակօրէն գրուած է, որ ՀՀ-ի պետական լեզուն հայերէնն է, այսինքն` ՀՀ-ի իւրաքանչիւր անհատ կրնայ խօսիլ իր նախընտրած հայերէնով` բարբառով, ժարկոնով, առօրեայ-կենցաղային լեզուով. ատիկա տուեալ անհատի ճաշակն է, որ պայմանաւորուած է անոր ստացած կրթութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ ունեցած մակարդակով, ուստի չես կրնար պարտադրել, որ անոնք խօսին մաքուր գրական հայերէնով: Սակայն… ՀՀ-ի լեզուի մասին օրէնքին մէջ կ’ըսուի, որ ՀՀ-ի պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է. ատիկա ԱԺ-ի, գերատեսչութիւններու, կրթօճախներու, հեռուստատեսութեան, ռատիոյի, գրականութեան, լրագրութեան լեզուն է… Եթէ մարդը չի յարգեր իր երկրի պետական օրէնքը, լեզուն, ի՞նչ ըսես անոր: Այն անհատը, որ ոտքով կը հարուածէ իր շէնքի վերելակի դռները, փողոց կը նետէ ծխախոտը, այդ նոյն մարդը եթերով պաշտօնական լեզուի փոխարէն կը խօսի իր խօսակցական հայերէնով…
– Ուրկէ՞ սկսիլ, տիկի՛ն Մեսրոպեան:
– Լեզուի զարգացման ընթացքին միշտ ալ խօսակցական լեզուն կը հեռանայ գրական լեզուէն: Լեզուն կենդանի օրկանիզմ է, ատիկա լեզուի զարգացման բնական պատկերն է, եւ ինչ-որ անհատ միայնակ չի կրնար պայքարիլ: Գրաբար հայոց լեզուն իր զարգացման ընթացքին դարձաւ միջին հայերէն:
– Որեւէ բան չընե՞նք, փակե՞նք մեր աչքերն ու ականջները, լռե՞նք… Ձգենք, որ մայրենին աղճատուի՞, աղաւաղուի՞, լլկուի՞, որ «էթամ, հելնեմ, տենամ, էսի, էտի, էնի, ստուց, ընդուց, ըտուց, սենց, նենց, ըտենց, ուրդէ, ուրդուց, խի… օքէյ, վաու, պոզիծիւ, պռոյեկտ, հիցուն, փառատօններ…» եւ այլն, եւ այլն հազար ու մէկ առօրեայ խօսակցական, ժարկոնային, օտարալեզու, ոչ ճիշդ հայերէնով բառեր ու արտայայտութիւններ իշխեն կրթօճախներուն, եթերով, մեր շուրջ, մեր ընտանիքներէ՞ն ներս, որ խանութներու, գրասենեակներու ճակատային հատուածներուն գրուին անգլերէնո՞վ ցուցանակներ, պաստառներ…
– Ըսել, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք չի տարուիր, սխալ կ’ըլլայ. հայոց լեզուին նուիրուած գիտաժողովներ կը կազմակերպուին, քննարկումներ տեղի կ’ունենան… Սակայն հարցի լուծումը ատով չի տրուիր:
-Տոյժ-տուգանքներու միջոցով կարելի՞ է ինչ-որ բնագաւառներու մէջ խնդիրին լուծում տալ, գուցէ այդ հարցը իրաւական դաշտի՞ մէջ լուծուի…
-Լեզուի պետական օրէնքը խախտող գերատեսչութիւններուն, հեռուստաընկերութիւններուն, խանութներուն, գրասենեակներուն (որոնց ցուցանակները միայն անգլերէնով են) պէտք է տոյժի ենթարկել, այնպէս, ինչպէս կարմիր լոյսի տակ խախտում ընող վարորդներուն, կարմիր գիծը հատողներուն… Կը նշանակէ, որ ՆԳՆ-ը լաւ կ’աշխատի, եւ վարորդները, խախտումներէն խուսափելու, չտուգանուելու համար, աւելի զգոյշ կը վարեն իրենց մեքենաները:
– Այսինքն` զգալիօրէն հարուածել լեզուի օրէնքը խախտողներու գրպանը…
– Այո՛: Ինչու՞ պէտք է ԱԺ-ի պատգամաւորը եթերով խօսի ա-ով կամ ըսէ` պըտի, կ’ըլնի, հիցուն, եգրորդ, դբրոց, ինչքամ…
– Ին՞չ կ’աւելցնէք…
– Կ’ուզէի փոքրիկ ծանուցում մը տալ (է)ա օժանդակ բայի մասին, որ շատ մեծ տարածում գտած է: Ինքս, մեծցած ըլլալով Վանաձորի մէջ, «ա» օժանդակ բայի կրող եմ, բայց ես ինքզինքս կը վերահսկեմ պաշտօնական խօսքի մէջ: Ես կը յարգեմ «է» օժանդակ բայը, որովհետեւ պետական օրէնքը ատիկա նախընտրած է: Կարնոյ Բարբառի ներկայացուցիչը կ’ըսէ «է», Սասունի բարբառի ներկայացուցիչը կ’ըսէ «ի», մշեցին կ’ըսէ «ի» (գարուն ի)… Այստեղ յարգանքի խնդիր կայ: Սիրելինե՛րս, մենք ունինք բարբառախօսներ, սակայն ազգովի որոշած ենք ընտրել «է»-ն, ինչու՞ մարդիկ խօսքի մէջ կը խցկեն «ա»-ն:
– Տիկի՛ն Մեսրոպեան, Ձեր սիրելի բանաստեղծներէն մէկուն` հայոց լեզուին նուիրուած որեւէ բանաստեղծութեան տողերով մեղմենք մեր հարցազրոյցը.
– Ես իմ անուշ Հայաստանի
Արեւահամ բառն եմ սիրում…
– Շնորհակալութիւ՛ն, բովանդակալից զրոյցի եւ յատկապէս մեծախորհուրդ «է»-ին այդպէս պաշտպանելու համար:
Կարինէ Աւագեան