Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական Օրագրութիւն»-ը` Արաբական Չծաղկած Գարուններու Վաւերագրութիւն
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած վաստակաշատ մանկավարժ, խմբագիր, դասախօս, հրապարակագիր Լալա Միսկարեան-Մինասեանը բազմաթիւ սուրիահայերէն մէկն է, որոնք ապրած են սուրիական պատերազմի արհաւիրքը, անցած տագնապի դժոխային տարիներու միջով, ապրած ու վերապրած այդ սարսափելի օրերը, հողին յանձնած ծանօթ ու անծանօթներու, բոլորին նման երազած մօտալուտ խաղաղութեան մասին, որ, տարիներ ի վեր, պատերազմի` կարծես հրէշային ամենակուլ երախով, վերացած էր արաբական այդ աշխարհէն, ուր ամէն օր կը մորթուէին կեանքի զարթօնքի ծաղկող գարունները:
Լալա Միսկարեան-Մինասեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած իմ հարցազրոյցս, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան, ամբողջացումն է վաստակաշատ մանկավարժի հայրենանուէր գործունէութեան եւ պատերազմական տարիներու օրագրութեան:
-Տիկի՛ն Միսկարեան-Մինասեան, պատմէք, խնդրեմ Ձեր անցած ճանապարհներուն մասին, ուր կայացաք էք իբրեւ հրապարակագիր, բանախօս, մանկավարժ, խմբագիր եւ դասախօս:
-Ըսեմ, որ ես հայաստանցի եմ, ծնած եմ Նոյեմբերեանի շրջանի Արճիս գիւղին մէջ, մանկավարժներու ընտանիքի մէջ. ինքզինքս լոռեցի կը համարեմ: Բարձրագոյն կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինին մէջ: Հէնց համալսարանական տարիներուն հանդիպած եմ ապագայ ամուսնուս` Բիւզանդ Մինասեանին, ամուսնացած ենք, Երեւանի մէջ ունեցած եմ առջինեկս, որմէ յետոյ տեղափոխուած ենք Հալէպ: Հալէպի մէջ ծնած է երկրորդ տղաս: Աշխատանքային գործունէութիւնս սկսած եմ Ազգային Քարէն–Եփփէ ճեմարանին մէջ. ատիկա իմ մանկավարժական գործունէութեան դարբնոցը եղած է, ուր աշխատած եմ մինչեւ 60-ամեակս, որմէ յետոյ, 5 տարի եւս, պահեցին զիս: Աշխատած եմ «Մխիթարեան» վարժարանին մէջ, 2011- 2014 թթ. դասաւանդած եմ «Սարգիս Ջեմպերճեան» կրթասիրաց վարժարանին մէջ, կարճ ժամանակով մը աշխատած եմ նաեւ «Կիլիկեան» ճեմարանին մէջ, հիմնադրութեան օրէն ի վեր` ես նաեւ Համազգայինի հայագիտական ամպիոնի դասախօս եմ:
-Ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք արեւմտահայերէնի խնդիրները. չէ՞ որ Դուք հայաստանցի էք, կրթուած էիք արեւելահայերէնով: Ձեզի համար դժուար չէ՞ր հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդել արեւմտահայերէնով:
-Գիտէք, որ բանասիրականին մէջ ուսանելու տարիներուն կ’անցնինք նաեւ գրաբար հայերէն, որուն հիմքերն այն ժամանակ բաւականին լաւ կը դրուէին. գրաբարէն ունեցած գիտելիքներս ինծի շատ օգնեցին: Բանաւոր խօսքն ալ հեշտութեամբ տրուեցաւ, որովհետեւ կ’ապրէի հալէպահայու ընտանիքի մէջ, կը շփուէի սուրիահայերու հետ: Հիմա, երեւի, արեւմտահայերէնով աւելի լաւ կը խօսիմ: 1973-էն այնտեղ եմ, քիչ ժամանակ չէ:
-Բանասէրները մեծամասամբ ստեղծագործող անհատներ են, եւ այդ շնորհը Ձեր մէջ եւս դրսեւորուեցաւ, եւ Դուք սուրիական պատերազմի տարիներուն սկսաք Ձեր օրագրութիւնները հրապարակել տարբեր թերթերու մէջ` յետագային ատոնք ամբողջացնելով «Սուրիական օրագրութիւն» գիրքին մէջ: Ինչպէ՞ս ծնաւ այդ տարիներու համայնապատկերը մէկ գիրքի մէջ ամբողջացնելու գաղափարը:
-Սուրիահայերը կ’անցնէին դժոխքի միջով, ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ մարդիկ կը զոհուէին, վիրաւորուէին, շէնքեր կը փլուզուէին, ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ աւերակի կը վերածուէր սիրելի քաղաքը` Հալէպը: Մենք տեսանք դանակը մանուկներու ձեռքերուն, որոնց կը ստիպէին սպաննել դիմացինին, մենք տեսանք հաշմուած ու քաղցած մարդիկ, մենք ապրեցանք մութ ու անօթեւան օրեր, ապրեցանք առանց ջուրի, առանց սնունդի…այս ամէնուն մասին ես սկսայ գրել իմ մտորումներս, իմ ապրումներս 2011-ի մարտ ամիսէն. Ատոնք կը տպագրուէին տարբեր թերթերու մէջ, որմէ յետոյ, բարեկամներուս խորհուրդով, որոշեցի հաւաքել մէկ գիրքի մէջ:
-Իմաստնացած տարիքի մէջ էք. սուրիական պատերազմի հրձիգը ո՞վ էր Ձեր կարծիքով:
-Պատերազմը դեռեւս չէ աւարտած, պատերազմի հրձիգները նիւթի ու սեփական շահերու համար կ’աւերակեն չքնաղ երկիր մը, հայկական հնագոյն հոգեւոր կեդրոն մը. ձեռագիրը նոյնն է` թրքական` հար եւ նման 1915 թուականի Հայոց եղեռնը սանձազերծած բարբարոսներուն: Այստեղ Թուրքիոյ գործօնը մեծ է. դեռեւս պատերազմի սկիզբը անոնք 7-8 խոշոր, շահութաբեր ձեռնարկութիւններ Հալէպի շրջակայքէն տեղափոխեցին Թուրքիա: Ես կը կարծեմ, որ ասիկա ծրագրուած եղած է: Սուրիոյ լիարժէք ու մշտատեւ խաղաղութիւն պէտք է, որպէսզի այն վերականգնուի, ստանայ իր նախկին հրաշագեղ տեսքը:
-Տիկի՛ն Մինասեան, Ձեր օրագրութիւնը ընթերցելուս` նկատեցի, որ գրեթէ բոլոր օրերու գրառումներէն առաջ բնաբան ընտրած էք Աստուածաշունչէն, հայկական առածներէն, հայ դասական գրողներու թեւաւոր խօսքերէն, սակայն ակնառու է Հանճարեղ լոռեցիի իմաստուն խօսքերուն կատարած անդրադարձի առաւելութիւնը…
-Հասկցայ Ձեր մտորումներու խորհուրդը. Թումանեանին աւելի շատ անդրադարձած եմ, որովհետեւ անոր, Իսահակեանի փիլիսոփայական մտքերը տիեզերական ճշմարտութիւններ են: Այդ բնաբաններուն կը յաջորդեն օրագրութիւններուս մէջ տեղ գտած, ատոնց համահունչ իրադարձութիւնները:
–Կարդալով Ձեր գրառումներէն մէկն` առանձնացուցի հետեւեալ տողերը. «Այսօր վաղ առաւօտեան ահաւոր պայթիւնէն ցնցուելով արթնցանք…թաղի բնակիչները քնկոտ, պատշգամները ելած, իրար կը նայէին, եւ լուռ հարցում մը կար` ո՞ւր եղաւ…մօտիկ տեղ էր, դեռ պէտք է սպասենք լուրի` ի՞նչ շէնք փլուեցաւ, քանի՞ մարդ այսօր աչքը չբացաւ: Մինչդեռ` հրաշալի կապոյտ երկնքով լուսաբաց մըն էր…ու պատշգամիս վրայ ճերմակ կը ժպտին նոր բացուած յասմիկները…»:
Դուք տեսաք կեանքն ու մահը իրար կողք կողքի. ինչը՞ Ձեր մէջ պահեց լաւատեսութիւնն ու ապրելու յոյսը:
-Այո՛, այդ քնքուշ յասմիկները խորհրդանիշն էին նոր բացուող խաղաղ առաւօտներու, մաքրութեան, լոյսի…խաւարը երկար չէր կրնար թագաւորել, լոյսն ինչ-որ տեղէ, ինչ–որ ժամանակ կը գտնէ իր ճանապարհը: Կեանքն ու մահը բոլոր ժամանակներուն կ’ապրին մարդոց կողքին, խաղաղութիւնն ու պատերազմները միշտ պայքարի մէջ եղած են, ողջ աշխարհի մարդկութիւնը միշտ անամպ երկինք երազած է: Յոյսը պէտք չէ լքէ մարդուն:
-Ձեր գիրքն արժանացած է Գէորգ Մելիտինէի գրական մրցանակին…կը սպասէի՞ք ատոր:
-Ես յատուկ մտադրութիւն չունէի գիրքս մրցանակաբաշխութեան ներկայացնելու. ծանօթներուս խորհուրդով այն ուղարկեցի Պէյրութ եւ չէի կարծեր, թէ պէտք է մրցանակի արժանանայ. այդ մրցանակն ինծի համար անակնկալ էր:
-Սա Ձեր միա՞կ գիրքն է…
-Ո՛չ, ուրիշ գիրքեր ալ ունիմ. առաջին գիրքս կը կոչուի «Յոյսի հորիզոններ», որ հայաստանեան տարիներու յուշագրութիւններուս ամբողջացումն է, լոյս ընծայուած է 2007-ին, երկրորդ գիրքս, որ լոյս տեսած է 2015-ին, կը կոչուի «Հող ու երկինք», այս գիրքին մէջ ալ զետեղած եմ պատմուածքներ, օրագրութիւններս ամբողջացնող գիրքս Պէյրութ ուղարկելէ յետոյ ես շարունակեցի գրել, սակայն ոչ օրագրութեան ձեւով: Այստեղ զետեղած եմ պատմուածքներ: Նոր գիրքիս առաջին մասը կը կոչուի «Պատերազմ»:
-…Հրապարակագիր, խմբագիր, բանախօս, մանկավարժ, գրող…այս կոչումներէն ո՞ր մէկը կը գերակշռէ Ձեր կենսագրութեան մէջ:
-Մանկավարժութիւնը. ես իմ գիտակցական կեանքիս մեծ մասը նուիրած եմ մանկավարժութեան:
-Դուք ծնունդով հայաստանցի էք, տաւուշցի. ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը, ուրկէ գացած էք շատ տարիներ առաջ:
-Կը կարօտնամ իմ ծննդավայրս, Հայրենիքս. ատոնք անբաժան ամբողջութիւն մըն են ինծի համար: Հայրենիքը ինծի համար ամէ՛ն ինչ է` իմ երազս, իմ ցաւս, իմ սէրս, իմ ուրախութիւնս: Կը կարծեմ` ես իմ հայասիրական պարտքս Հալէպի մէջ կատարած եմ, շատ կը ցանկամ քիչ մըն ալ Հայրենիքիս ծառայել, Հայրենիքի մէջ ապրիլ: Եթէ բախտ վիճակուի վերադառնալ Հայրենիք, կը նախընտրեմ ապրիլ իմ ծննդավայրիս մէջ:
-Յարգելի՛ հայրենակցուհի, շնորհակալութիւ՛ն սրտառուչ հարցազրոյցի համար, շնորհակալութիւ՛ն Ձեր արժէքաւոր փաստագրական օրագրութիւններու գիրքին համար. մեր զրոյցն աւարտենք Ձեր` «Սուրիական օրագրութիւն» գիրքի վերջաբանի քանի մը տողերով. «Չե՛նք ուզեր հաւատալ, թէ «Մեր Հալէպը» կը կործանուի օրէ օր», թէ մեր հարիւրամեակներու պատմութիւնը կը ջնջուի, թէ Լեհաստանի, Հնդկաստանի, Նոր Նախիջեւանի, Ղրիմի, Ռումանիոյ եւ երբեմնի` այլ շէն ու ծաղկուն բազմաթիւ գաղութներու պէս պիտի քայքայուի նաեւ բիւրաւոր նահատակներու ու հրաշքով վերապրածներու շունչը կրող այս գաղութը…այնքա՜ն հայաբոյր ու հայադրոշմ, որ աւելին էր, քան` ծննդավայրը»:
Հարցազրոյցը ` Կարինէ Աւագեանի