ԵԽՎՎ-ն Ընդունեց Մարքովիչի Հակահայկական Զեկոյցը

ԵԽԽՎ-ի մէջ Յունուար 26-ին կայացած է Պոսնիացի պատգամաւոր Միլիցա Մարքովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» թեմայով զեկոյցի քուէարկութիւնը:
98 պատգամաւոր կողմ քուէարկած է զեկոյցին, 71` դէմ, 40-ն ալ ձեռնպահ մնացած են: Բանաձեւի նախագիծը ընդունուած է:
Աւելի առաջ ԵԽԽՎ–ն քուէարկութեամբ մերժած էր միւս հակահայկական նախաձեռնութեան` բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպերթ Ուոլթերի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ» թեմայով բանաձեւի նախագիծը:
Ըստ News.am-ի` Եւրոպայի միաւորուած ձախերու, սոցիալիստներու ու Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչները դէմ արտայայտուած են հակահայկական զեկոյցներուն: