Բակo Սահակեան ելոյթ ունեցած է Լոնտոնի «Լոնտոնի Կոլտսմիթ Հոլ»-ին մէջ եւ ամփոփած իր այցի արդիւնքները
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 9-ին Լոնտոնի Կոլտսմիթ Հոլ դահլիճին մէջ մասնակցած է Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքային խորհուրդի ճաշկերոյթին եւ հանդէս եկած այնտեղ ելոյթով:
ԼՂՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Բակօ Սահակեան հակիրճ ներկայացուցած է Արցախի պատուիրակութեան այցի նպատակները Մեծ Բրիտանիա, ամփոփած ատոր արդիւնքները եւ պատասխանած ներկաներու հարցերուն:
Բակօ Սահակեանի խօսքով` եւ՛ հայկական համայնքի, եւ՛ Մեծ Բրիտանիոյ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները բաւականին տպաւորիչ էին: Նախագահը համոզում յայտնած է, որ ատոնք նոր լիցք ու որակ կը հաղորդեն Արցախի եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ կապերու ամրապնդման:
Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Արցախի բոլոր բարեկամներուն` անոնց դիրքորոշման, սկզբունքայնութեան, մարդասիրութեան եւ գործուն աջակցութեան համար, մաղթած յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք:
Հանդիպման ներկայ եղած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, պատգամաւորներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, պաշտօնատար այլ անձիք: