«Թո՛ղ Հայրենիքի Մէջ Ապրելու Բերկրանքը Շատ Հայեր Վայելեն». Իրաքահայ Հայրենադարձ Սօսի Աւագեան-Պետրոսեան

Վերջին տաս տարիներուն ընթացքին աշխարհի տարբեր ծայրերէն հայրենադարձութեան ճամբան բռնեցին բազմաթիւ սփիւռքահայեր, առաւելապէս`  իրաքահայեր, սուրիահայեր, լիբանանահայեր, որոնք այսօր արդէն մեր երկրի լիիրաւ քաղաքացիներ են եւ կ’աշխատին կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ` իրենց բերած քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, արհեստի ու արուեստի շունչով հարստացնելով ու նոր գոյներով հաղորդելով հայաստանեան ներկապնակին: Անոնցմէ մէկուն` «Հայերն այսօր»-ի արեւմտահայերէնի թարգմանչուհի Սօսի Աւագեան-Պետրոսեանի հետ ալ կայացաւ իմ հարցազրոյցս, որ սիրով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

Տիկի՛ն Սօսի, Ձեր արմատներու կանչը ու՞ր կը տանէ Ձեզի, ի՞նչ յիշողութիւններու ու պատմութիւններու ունկնդիրը  եղած էք:

 –Նախ` կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել` ինծի այս հնարաւորութիւնը ընձեռելու համար, իսկ ինչ կը վերաբերի արմատներուս, ըսեմ, որ եւ՛ արեւմտահայ են, եւ՛ արեւելահայ: Մայրական կողմս  Եոզկաթ նահանգէն է: Եղեռնէն մազապուրծ մեծ հօրս ու մօրս որբերու հետ տարած են Լիբանան, 50-ականներու վերջը աշխատանքի բերումով գաղթած են Իրաք` Պաղտատ, մինչեւ 1974 վերադարձած են Լիբանան: Հօրս կողմը պարսկահայեր են` Սալմաստ գաւառի Հաւթուան գիւղէն. անոնք 20-ականներու սկիզբներուն հաստատուած են Պաղտատի մէջ:

Ձեր ընտանիքը հայրենադարձուած է Իրաքէն. ի՞նչ ձգած էք այնտեղ` սէ՞ր, կարօ՞տ, ցաւ՞, հայու կեանքին սպառնացող  նոր վտա՞նգ…

–Իրաքի մէջ, բացի մեր ընկերներէն ու ծանօթներէն, մեր ամբողջ կեանքի յիշատակները  ձգած ենք, նաեւ` մեր եկեղեցիները, հայկական ակումբներն ու կեդրոնները, ուր անցած են մեր երիտասարդութեան տարիները: Շատ կ’ափսոսամ, որ այսպէս մասնատուած կեանք ունեցանք, երանի աւելի կանուխ եկած ըլլայինք:

Որպէս Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ, շառաւիղ` ի՞նչ զգացումներ կը պատեն Ձեզ, ինչպիսի՞ մտորումներ կ’ունենաք մեր պատմութեան այդ դաժան էջերու մասին:

– Մայրական կողմէս մեծ հայրս շատ չէ պատմած իր մանկութեան եւ գաղթականութեան մասին, բայց անոր յուշերը  մօտս են, ամուսնուս հետ կը փորձենք կրճատել եւ գիրքի վերածել. շատ հետաքրքիր եւ ցաւալի մանկութիւն  ունեցած է, իսկ յիշելով մօրական մեծ մայրս` ամբողջ աշխարհս կարծես կը մթագնի, չեմ կրնար մոռնալ  անոր մելամաղձոտ աչքերը, երբեմն կը փորձեմ յիշողութենէս վերացնել մեծ մօրս պատմածները: Ըսեմ, որ ան իր տեսած չարչարանքներուն եւ սպանութիւններուն մասին շատ չէր պատմեր, աւելի շատ որբանոցի ընկերուհիներուն եւ իր կեանքէն կը պատմէր: Տխրութիւնն ու հարազատներու կարօտը կը խեղդէին զինք…երբ փոքր էի, մեծ մօրս պատմութիւնները ցասում ու զայրոյթ  կ’առաջացնէին  մէջս, մինչդեռ հիմա յիշելով` ցաւ ու ընկճուածութիւն:

Սօսի՛, Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Ձեր ազգականներու շառաւիղներն այսօր Երկիր-մոլորակի ո՞ր հատուածներուն մէջ կը բնակին եւ արդեօ՞ք կրցած են պահպանել իրենց հայկական ինքնութիւնը:

– Բարեբախտաբար, բոլոր հարազատներս պահպանած են իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ դեռեւս հայախօս են, յաճախ կ’այցելեն Հայաստան, եւ գրեթէ բոլորն իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ ազգային գործերով  զբաղած են:

Երեւանի մէջ տուն գնած էք, Ձեր ամուսինը` շնորհալի հայորդի Վարանդ Պետրոսեանը, աշխատանք ունի, Դուք` եւս, իսկ Ձեր դուստր Արփին կուսանի Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժինին մէջ, Ձեր աւագ դուստրը` Այգը, ընտանիքով կ’ապրի Յորդանան, Առէն անունով հրաշալի թոռնիկ ունիք…երջանի՞կ էք, թէ՞ այն լրացնելու համար դեռեւս կան չիրականացած երազանքներ…

–Երջանիկ եմ եւ հպարտ ընտանիքովս, ինչպէս նաեւ` մեզի շրջապատող ընկերներով: Հայաստանի մէջ երբեք օտարութիւն չզգացինք. սիրալիր ընկերներ, աննման գործընկերներ ունեցող մարդն անպայման երջանիկ կ’ըլլայ, նաեւ երջանիկ եմ, որովհետեւ դեռեւս մանկութեանս տարիներէն երազած եմ Հայաստանի մէջ ապրիլ: Թո՛ղ Հայրենիքի մէջ ապրելու բերկրանքը շատ հայեր վայելեն, մանաւանդ անոնք, որոնք ստիպուած  եղած են ինչ-ինչ պատճառներով ժամանակաւորապէս հեռանալու: Ինչ կը վերաբերի չիրականացած երազանքներու, շատ կը փափաքիմ այցելել Սալմաստ եւ Եոզկաթ. վերջինս այցելելու քաջութիւն չունիմ, այդքան արիւնոտ վայրեր երթալը հերոսութիւն կը համարեմ, բայց Սալմաստ երթալու երազանքս երեւի օր մը կ’իրականացնեմ:

Այսպէս ալ աւարտեց իմ հարցազրոյցս` հայասէր ու հայրենասէր, համեստ ու իր գործի նուիրեալ հայրենադարձ հայուհի` Սօսիի հետ. ցանկանք, որ անոր` Սալմաստ երթալու երազանքը եւ մեծ հօր յուշերու մասին պատմող  գիրքի ստեղծումը շուտով իրականութիւն դառնան: Ահաւասիկ, հայրենադարձութեան մասին եւս մէկ պատմութիւն, որ նոյնպէս մեծ եւ իւրօրինակ ներդրում է Հայրենիքի մէջ` հայու այս տեսակով հարստացնելով ու գեղեցկացնելով մեր կեանքը:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up