«Հայրենիքը մեր թիկունքն է, մեր յոյսը, մեր ամրոցը». Սիլվա Գազազեան-Ատուրեան

«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը պարբերաբար կը հանդիպի եւ կը զրուցէ Սուրիայէն Հայաստան հանգրուանած մեր հայրենակիցներուն հետ: Այս անգամ զրոյցը հալէպահայ Սիլվա Գազազեան-Ատուրեանի հետ էր: 

Տիկի՛ն Սիլվա, Ձեզի առաջին անգամ հանդիպած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքի օրը եւ չեմ մոռցած Ձեր հրաշագործ մատներով գործած Վանի, Սվազի, Նորվեկեանի ասեղնագործութիւնները… Որմէ  սորված էք, ո՞վ  եղած է Ձեր առաջին վարպետ-ուսուցիչը:

– Սուրիահայ կանանց գերակշիռ մասը, գրեթէ` բոլորը, կը գործէ, ասեղնագործութիւն եւ կար: Նախ` ըսեմ, որ ատիկա ի վերուստ տրուած շնորհ է, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է մեզի: Իմ վարպետներս եւ ուսուցիչներս իմ հարազատներս էին. Կը գործէին, ասեղնագործութիւն կ’ընէին թէ՛ մեծմայրս, թէ՛ մայրս: Երեք քոյր եւ մէկ եղբայր ունիմ. քոյրերս նոյնպէս ունին այդ շնորհքը:

Ուրկէ՞ են Ձեր արմատները:

-Արմատներս Վանէն են, յետագային նախնիներս տեղափոխուած են Այնթապ, իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ հանգրուանած են Հալէպ, ուր ծնած են ծնողներս եւ, բնականաբար, մենք` երեխաներս:

 –Տիկի՛ն Ատուրեան, քանի՞ տարի է, որ Հայաստանի մէջ էք:

-Մօտ երեքուկէս տարի է, որ տեղափոխուած ենք Հայրենիք: Սկիզբը ընտանիքով էինք, սակայն մեր զաւակները, աշխատանք չգտնելու պատճառով մեկնեցան արտերկիր: Տղաս իր ընտանիքով մեկնեցաւ Իտալիա, հիմա կ’ապրի Միլանի մէջ, իսկ աղջիկս իր ընտանիքով կ’ապրի Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ: Տղաս երկու աղջիկ ունի, աղջիկս` մէկ տղայ: Այնչափ կը կարօտնանք անոնց եւ կը սպասենք այն երանելի օրուան, երբ բոլորս միասին կ’ըլլանք: Ես եւ ամուսինս  մնացած ենք Հայաստան. ես կը զբաղիմ ասեղնագործութեամբ, ամուսինս Հալէպի մէջ մեքենայի մասերու գործով  կը զբաղէր, իսկ այստեղ աշխատանք չունի. թոշակի տարիքի է շատոնց, բայց թոշակ ալ չստանար:

Տիկի՛ն Սիլվա, Դուք կը զարմացնէք զիս. Ձեր ամուսինը չաշխատիր, Դուք միայն կը գործէք եւ գրեթէ վաճառք չունիք, իսկ ինչպէ՞ս կը գոյատեւէք:

-Մենք առ այժմ կ’ապրինք Հալէպէն բերած գումարներով. Փառք Աստուծոյ, երբեմն ալ կը վաճառուին, երբ ցուցահանդէսներու մէջ կը ներկայացնեմ: Ահա այդպէս ալ կ’ապրինք. կարեւորն այն է, որ Հայաստանի մէջ ենք, մեր Հայրենիքին մէջ, որ այստեղ ապահով կը զգանք, վտանգէն հեռու ենք:

Անհատական ցուցահանդէս բանալու մասին մտածա՞ծ էք. Ձեր աշխատանքները կատարեալ են, զարմանահրաշ, ըսես` անձեռակերտ:

-Ես հոգիով ու սրտով կը գործեմ, իսկ պատկերները, թեմաները, զարդանախշերը կարծես երազիս կու գան, ու ես յաջորդ օրը կը սկսիմ շունչ տալ ատոնց: Լաւ գաղափար է անհատական ցուցահանդէս բանալը, սակայն չեմ գիտեր` որուն դիմեմ, ինչպէս կազմակերպեմ.  Ինծի ուղղորդող եւ աջակցող պէտք է:

– Տիկի՛ն Սիլվա, այդ առումով ըսեմ, որ գուցէ այս հանդիպումը պատահական չէր: Առ այժմ այսքանը… Գեղեցիկ են թէ՛ Ձեր գործերը, թէ՛ գործերը երիզող ինքնատիպ շրջանակները. ատոնք քառակուսի կամ ուղղանկիւնաձեւ չեն, այլ` կլորաւուն, շրջանաձեւ, ձուաձեւ: Այդպիսի շրջանակներ ես տեսած եմ արեւմտահայերու ընտանեկան հին լուսանկարներու շուրջ:

-Դուք ճիշդ նկատեցիք. իմ գործերս դրուած են շատ ինքնատիպ շրջանակներու մէջ, որոնց մէկ մասը Հալէպէն բերած եմ, միւսները սուրիահայ վարպետ մը կը պատրաստէ:

 –Ինչպէս հասկցայ, Ձեր գործերը հիմնականին մէջ կը մնան տան մէջ. չէ՞ք կրնար ատոնք վաճառքի հանել Վերնիսաժ կամ ալ` յուշանուէրներու խանութներու մէջ:

     -Այո՛, հիմնականին մէջ իմ տան մէջ են: Վերնիսաժ սուրիացի ընկերուհի մը ունիմ, անոր կու տայի, որ դնէ իր սեղանին, առանձնապէս գնորդներ չկան, մարդիկ աւելի շատ կենցաղային հարցերու եւ սնունդի վրայ  գումար կը ծախսեն: Հիմա ալ արդէն ցուրտ է դուրսը, վաճառք չըլլար: Փորձած եմ որեւէ տեղ յանձնել, սակայն իմ որոշած գինի կրկնակիով  դրած են վաճառքի, այդ պատճառով չէ վաճառուած: Ես աւելի շատ կը գործեմ, ասեղնագործութիւն կ’ընեմ, որպէսզի հոգիս հանգիստ ըլլայ ու միտքերս խաղաղին… Մենք այնպիսի վիճակի մէջ չինկանք, որ միտքերը չտանջեն մեզ: Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի յարակից տարածքին մէջ մեր հալէպցիները խանութներ բացած են, ես ալ  խանութ մը վերցուցի, բայց շահը չարդարացուց, փակեցի: Այդ տարածքը տեսանելի չէ մարդոց, գուցէ ատիկա էր պատճառը:

02

Երբ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն տիրէ, կը վերադառնա՞ք, կը մնաք Հայաստա՞ն, թէ՞ կ’երթաք արտերկիր` ձեր զաւակներէն մէկուն մօտ ապրելու:

-Կը վերադառնանք Սուրիա` տէր կանգնելու մեր տան, մեր կալուածներուն: Մեր տունը դեռեւս կանգուն է, այն միշտ մեր երազներուն  կը տեսնենք, կ’երթանք, սակայն հեռու չենք ըլլար Հայրենիքէն. այն մեր թիկունքն է, մեր յոյսը, մեր ամրոցը: Եթէ չունենայինք Հայրենիք, այս պատերազմի ժամանակ ու՞ր պիտի երթայինք: Եկանք Հայաստան, ուր մեզի շատ լաւ ընդունեցին, որեւէ խտրականութիւն չզգացինք երբեւէ: Հեշտութեամբ յարմարեցանք նոր կեանքին: Ես սիրով ծանօթացած  եմ նաեւ տեղացիներու հետ, որեւէ դժուարութիւն չունիմ. բոլորս ալ հայ ենք չէ՞…

Տիկի՛ն Ատուրեան, երբ ներս մտայ Ձեր բնակարան, աչքիս զարկաւ  հետաքրքիր աշխատանք մը, որ բոլորովին նման չէ կաթնագոյն կտորներու վրայ եղած Ձեր ասեղնագործութիւններուն. եթէ գաղտնիք չէ, կ’ըսէ՞ք ինչ է ատիկա:

-Գաղտնիք չէ. ատիկա իմ նոր աշխատանքս է, որ դեռ չեմ վերջացուցած: Կաղանդի սփռոցներ ու անձեռոցիկներ  սկսած եմ ասեղնագործել: Կը մտածեմ, որ Կաղանդի նախօրերուն գուցէ ցուցահանդէս-վաճառք կազմակերպուի: Այդ աշխատանքները գոյնով կը տարբերին. ատոնք աւելի պայծառ են, ուրախ, տօնական:

Շնորհակալութիւն, տիկի՛ն Սիլվա: Յոյսով եմ` ոչ հեռու ապագային կունենաք Ձեր անհատական ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ` բոլոր սուիրիահայերուն հետ միասին բերկրանք կ’ապրիք Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման բաղձալի լուրերով:

Կարինէ Աւագեան 

Scroll Up