«Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100 Տարուան Լռութիւն». Գիրքի Շնորհանդէս Հռոմի Մէջ

Դեկտեմբեր 16-ին Հռոմի մէջ կայացաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. 100 տարուան լռութիւն» (“Il Genocidio Armeno: 100 Anni di Silenzio”) գիրքի շնորհանդէսը, որ կազմակերպած էր Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Այս մասին կը  յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Գիրքը հրատարակուած է 2015թ.` Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ «Ասսատակա» Իտալա-արաբական եւ Միջերկրածովեան կեդրոնի համատեղ ջանքերու արդիւնքով: Հեղինակներն են Ալեսսանտրօ Արամուն, Աննա Մացցոնեն եւ Ճիան Միկալեսսին:

Ձեռնարկի կազմակերպիչն էր լրագրող եւ հրապարակախօս Նաման Թարգան: Գիրքը ներկայացուցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանախօսեցին «Ասսատակա» Իտալա-արաբական եւ Միջերկրածովեան կեդրոնի նախագահ Ռայմոնտ Սգիաւոնեն, գիրքի հեղինակներէն Ալեսսանտրօ Արամուն, Աննա Մացցոնեն եւ լուսանկարիչ Ռոմոլօ Էուկալիտոն:

Անոնք խօսեցան Հայաստան իրենց այցելութեան եւ ցեղասպանութեան ականատես վերջին վերապրածներուն հետ իրենց հանդիպումներուն մասին, անդրադարձան թրքական ժխտողականութեան: Անոնք նաեւ կարեւոր համարեցին Իտալիոյ հանրային կրթական հաստատութիւններուն մէջ ցեղասպանութիւններու, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին կրթական ծրագիրներու ուսուցումը` ատիկա համարելով անհրաժեշտ բաղադրիչ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման գործին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին ուսանողներ, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, հայ համայնքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Scroll Up