Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Ձօնուած «Գանձասար»ի Բացառիկ Թիւը Գինեձօնի Արժանացաւ

Դար մը ամ­բողջ, իր դառ­նա­ղի յու­շե­րով եւ հա­յու տա­ռա­պան­քի ան­մարդ­կա­յին ոդի­սա­կա­նով թա­ւա­լե­ցաւ, սա­կայն Հայ­կի շա­ռա­ւիղ­նե­րը, պահ­պա­նե­լով իրենց ինք­նու­թիւնը մո­ռա­ցու­մէ փր­կե­ցին նախն­եաց գող­գո­թա­յի ար­հա­ւիր­քը եւ յի­շե­լով պա­հան­ջե­ցին հա­յուն ար­դար իրա­ւունք­նե­րը: Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը նա­եւ, իր խո­նարհ լու­մա­յի ներդ­րու­մով, մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­մա­հայ­կա­կան այս ծա­ւա­լուն ար­շա­ւին հրա­տա­րա­կե­լով «Գան­ձա­սար»ի բա­ցա­ռիկ թիւ մը, ի յա­ւեր­ժու­թիւն մեր սրբադասուած զո­հե­րու անմոռաց յի­շա­տա­կին:

««Գան­ձա­սար»ը հա­ւա­տա­րիմ իր առա­քե­լու­թեան, քսա­ներ­կու տա­րի­ներ անընդ­մի­ջա­բար շա­րու­նա­կեց իր գո­յեր­թը հա­յա­պահ­պան­ման ու ազ­գա­պահ­պան­ման նուի­րա­կան առա­քե­լու­թեամբ, եւ այ­սօր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին նուիր­ուած բա­ցա­ռի­կի սոյն հա­տո­րը կեն­դա­նի ապա­ցոյց է, որ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը կան­գուն է իր եկե­ղե­ցի­նե­րով, դպ­րոց­նե­րով, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րով ու մա­մու­լով»: Սոյն խօս­քով շնոր­հան­դէս-գի­նե­ձօ­նին ներ­կայ բազ­մու­թիւնը ող­ջու­նեց օր­ուան բե­մա­վար Մար­իա Սար­գիս­եան, Ուր­բաթ, 12 Յու­նիս 2015-ի յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 5:00-ին, «Նոր Սպի­տակ» ճա­շա­րա­նէն ներս: Ձեռ­նար­կը կը վա­յե­լէր Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Արք. Սար­գիս­եա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը: Իրենց պատ­կա­ռե­լի ներ­կա­յու­թեամբ ձեռ­նար­կը պատ­ուե­ցին նա­եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, Հայր Կո­մի­տաս քհնյ. Տա­տաղլ­եան փո­խա­նորդ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Առաջ­նորդ Արհ­ի­ա­պա­տիւ Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեա­նի, Հ.Հ.Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէ­որգ­եան, Պատ­կան Մարմ­նի ան­դամ­ներ, միու­թիւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ Յա­րութ Էօր­տէկ­եան, որ ըսաւ. «Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պի օրե­րուն «Գան­ձա­սար»ը, ի հե­ճուկս ապա­հո­վա­կան, տպագ­րա­կան, հա­մա­ցան­ցա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին բա­զում դժ­ուա­րու­թեանց, կանգ չա­ռաւ, շա­րու­նա­կեց մնալ սուր­ի­ա­հա­յութ­եան խօ­սա­փո­ղը, անոր տագ­նա­պի, մա­քա­ռում­նե­րու եւ գո­յեր­թի վկան… Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին առի­թով հա­մա­հայ­կա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մէջ ծա­ւա­լած քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւին, Հայ Դա­տի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ար­ձա­գան­գը դար­ձաւ նա­եւ «Գան­ձա­սար»ը հրա­պա­րա­կե­լով բա­ցա­ռիկ հա­տոր մը, ուր հան­դէս եկան սուր­ի­ա­հայ, սփիւռ­քա­հայ եւ հայ­րե­նի հրա­պա­րա­գիր­ներ, մեր ար­դար Դա­տը յի­շե­լու եւ պա­հան­ջե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ»:

Ապա օր­ուան հան­դի­սա­վար Մար­իա Սար­գիս­եան հրա­ւի­րեց իրա­ւա­բան, հրա­պա­րա­կա­գիր եւ կր­թա­կան մշակ Մար­իա Գաբրի­էլ­եա­նը, որ ներ­կա­յա­ցուց «Գան­ձա­սար»ի բա­ցա­ռի­կի էջե­րուն, կող­քէ կողք տեղ գտած, իւ­րա­քան­չիւր յօդ­ուա­ծա­գի­րի ար­ծար­ծած նիւ­թը, այն­տեղ փո­խանցը­ւած գա­ղա­փար­նե­րը, հա­տո­րը իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ, ամե­նա­յե­տին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով: Մար­ի­ան գնա­հա­տեց բո­լոր մաս­նա­կից յօդ­ուա­ծա­գիր­նե­րը, խմ­բա­գիրն ու խմ­բագ­րա­կազ­մը, որոնք ջանք չխ­նա­յե­ցին ճիշդ ժամ­կէ­տին հան­րու­թեան սե­ղա­նին դնե­լու «Գան­ձա­սար»ի բա­ցա­ռիկ հա­տո­րը, հա­կա­ռակ տի­րող ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն: Ան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սըր­բա­զան Հօր, որ ստանձ­նեց «Գան­ձա­սար»ի սոյն հա­տո­րին մե­կե­նա­սու­թիւնը, ի յի­շա­տակ հան­գուց­եալ ծնո­ղաց: Մար­ի­ան իր խօս­քի աւար­տին ար­տա­սա­նեց հե­տեւ­եալ վկա­յու­թիւնը. ««Գան­ձա­սար» բա­ցա­ռի­կի իւ­րա­քան­չիւր էջին վրայ կը կար­դանք անն­կուն կամ­քի, անե­րե­ւոյթ գրի­չով տո­ղա­տա­կի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ուր զգա­ցում­նե­րու այ­բու­բե­նով կը պատմ­ուին այն ապ­րում­նե­րը, զորս ապ­րե­ցան բո­լոր անոնք, որոնք կազ­մե­ցին Բա­ցա­ռի­կի թիւը … հա­լէ­պաբ­նակ յօդ­ուա­ծա­գիր­նե­րը` իրենց կրած ան­հա­տա­կան տան­ջանք­նե­րուն մա­սին, սուր­ի­աբը­նակ­նե­րը` երկ­րի տխուր պատ­կե­րին մա­սին, իսկ Սուր­իա­յէն դուրս ապ­րող­նե­րը` վե­րա­դար­ձի կա­րօ­տին եւ անընդ­մէջ ար­տա­հո­սող ար­ցուն­քին մա­սին: Իսկ բո­լո­րը, անխ­տի՛ր, նախ­նի­նե­րու ապ­րած ան­տե­սա­նե­լի ար­հա­ւիր­քին մա­սին: … Բո­լոր յօդ­ուած­նե­րուն մէջ կար Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ այն­քան եռանդ ու կո­րով, այն­քան ուժ, որ ար­դար հա­տուց­ման տի­րա­նա­լու պա­հը երե­ւե­լի կը դարձ­նէ եւ հայ ազ­գին պատ­կա­նե­լու հա­մար հա­մես­տօ­րէն հպար­տա­նա­լը ինք­զինք կը պար­տադ­րէ»:

Մի­ջո­ցին, ըն­թերց­ուե­ցան «Գան­ձա­սար»ի բա­ցա­ռիկ հա­տո­րի լոյս ըն­ծայ­ման առի­թով խմ­բագ­րու­թեան եւ յօդ­ուա­ծա­գիր­նե­րու մեղ­ուա­ջան աշ­խա­տան­քը դր­ուա­տող մաղ­թանք­ներն ու շնոր­հա­ւո­րա­գիր­նե­րը, զորս ար­տա­յայ­տած էին Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­ն, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դը, Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թիւնը, Ս.Օ.Խա­չի Ազ­գա­յին Պատս­պա­րա­նի Յանձ­նա­խում­բը,Կր­թա­սի­րաց Ս. Չէմ­պէրճ­եան Երկրդ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւնը, Գեր­մա­նիկ-Վաս­պու­րա­կան Մշակ. Միու­թիւնը, Ճի­նիշ­եան Յի­շա­տա­կի Ձեռ­նար­կի Տնօ­րէ­նու­թիւնը, Ա.Մ.Ն.ու Նիւ Եորք նա­հան­գէն «Գան­ձա­սար»ի նախ­կին խմ­բա­գիր­ Մա­րի Մերտ­խան­եան-Եա­րալ­եա­ն, յօդ­ուա­ծա­գիր Նուարդ Մա­տոյ­եան-Տա­րագճ­եանն ու Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկրդ. Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­հի Պէ­թի Գրաճ­եան-Եփ­րեմ­եան:

Յայ­տագ­րին մաս կազ­մած էր նա­եւ Լի­լիթ Տէր Աբ­րա­համ­եան «Կի­լիկ­իա» մե­ներ­գով, եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ներ­սէս Թոփճ­եա­նի:

Յա­ջորդ հանգր­ուա­նով բե­մա­վա­րու­հին յայ­տա­րա­րեց, թէ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի աւան­դի հա­մար հա­մա­հայ­կա­կան ամէ­նամ­եայ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան 100րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ, «Լա­ւա­գոյն Հրա­պա­րա­կում» ան­ուա­նա­կար­գի առա­ջին կար­գի մըր­ցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցու­ցած էր «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թը: Ուս­տի, հրա­ւիր­ուե­ցաւ Հ.Հ. Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէ­որգ­եա­նը Շնոր­հա­ւո­րա­գի­րը յանձ­նե­լու «Գան­ձա­սար»ի խմ­բա­գիր Զար­միկ Պօ­ղիկ­եա­նին: Իր խօս­քին մէջ խմ­բա­գի­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան Հօր, Պատ­կան Մարմ­նին եւ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան, որոնք միշտ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան «Գան­ձա­սար»ի խմ­բագ­րու­թեան, որ­պէս­զի ««Գան­ձա­սար»ը մնայ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան խօ­սա­փո­ղը եւ անոր ձայ­նը լսե­լի դառ­նայ հա­մայն աշ­խար­հին եւ պատ­կե­րը յս­տակ` գա­ղու­թիս մա­քա­ռու­մին»: Ապա բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց յօդ­ուա­ծա­գիր­նե­րու սի­րա­յօ­ժար աջակ­ցու­թիւնը թեր­թին, նոյ­նիսկ կեն­ցա­ղա­յին այս վատ պայ­ման­նե­րուն, յա­նուն թեր­թի ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան, ան­կեղծ ու կա­ռու­ցո­ղա­կան քն­նա­դա­տու­թեան եւ գա­ղու­թի իս­կա­կան պատ­կե­րի ներ­կա­յաց­ման:

Ապա հրա­ւիր­ուե­ցաւ Պատ­կան Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ բժիշկ Ներ­սէս Սար­գիս­եա­նը փո­խան­ցե­լու սըր­տի խօս­քը: Ան հե­րո­սու­թիւն հա­մա­րեց «Գան­ձա­սար»ի աշ­խա­տա­կազ­մի եւ թղ­թա­կից­նե­րու ան­կոտ­րում կամքն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ոգին, ապա յայտ­նեց հե­տեւ­եա­լը. «Մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով ազ­գա­յին առողջ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան անվ­տան­գութ­եան գերխն­դիր­նե­րը «Գան­ձա­սար»ը կր­ցաւ գտ­նել իր ճշգ­րիտ ուղ­ղու­թիւնը, դառ­նա­լով, այս պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, սուր­ի­ա­հա­յութ­եան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րող ամէ­նէն վա­ւե­րա­կան լրատ­ուա­մի­ջո­ցը»:

Հուսկ, հրա­ւիր­ուե­ցան Գերշ. Սըր­բա­զան Հայ­րը, Վե­րա­պատ­ուե­լին, Հիւ­պա­տո­սը, բա­նա­խօ­սը եւ խմ­բա­գի­րը կա­տա­րե­լու «Գան­ձա­սար» բա­ցա­ռի­կի գի­նե­ձօ­նի արա­րո­ղու­թիւնը, որ­մէ ետք խօսք առաւ Թե­միս Առաջ­նոր­դը, որ «մի­ա­ծին» որա­կեց «Գան­ձա­սար»ը հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ներ­կայ մա­մու­լի կեան­քէն ներս եւ եզ­րա­փա­կեց ըսե­լով. ««Գան­ձա­սար» բա­ցա­ռի­կը, իր ա՛յս հրա­պա­րա­կու­մով, յաղ­թա­նա­կի դրօշ մըն է դէ­պի առաջ եր­թա­լու մեր վճ­ռա­կա­նութ­եան. Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին մեր ժո­ղո­վուր­դի գի­տակ­ցու­թիւնը բարձ­րաց­նե­լու եւ աշ­խար­հով մէկ յայ­տա­րա­րե­լու, թէ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը մեռ­նիլ չի գի­տեր եւ պի­տի չմեռ­նի»:

Ձեռ­նար­կէն ետք, ընթ­րի­քի մտեր­միկ սե­ղա­նի մը շուրջ հա­մախմբ­ուե­ցան «Գան­ձա­սար»ի յօդ­ուա­ծա­գիր­ներն ու խմ­բագ­րա­կազ­մը, ուր տե­ղի ու­նե­ցան գա­ղա­փար­նե­րու եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում ու սր­տի ջերմ խօս­քե­րու հա­ճե­լի դր­սե­ւո­րում­ներ:

«Գան­ձա­սար»ի սոյն բա­ցա­ռիկ հա­տո­րը կու գայ մի­ա­նա­լու տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր կեն­դա­նի վկա­յա­րան­նե­րուն, որոնք կ՛ապա­ցու­ցեն, 21-րդ դա­րուն քա­ղա­քակր­թու­թեան շա­պի­կը զգե­նած, Թու­ման­եա­նի բնու­թագ­րու­մով` «ան­բան Մար­դա­կեր»ին տմար­դի արարք­նե­րը.

Եւ ի՜նչ փոյթ …

Ձեռ­քերն ար­նոտ գնում է նա դեռ կամ­կար,

Ու հե­ռու է մին­չեւ Մար­դը իր ճամ­բան:

Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան

11403301_712959388806090_8507920458512518036_n

10801541_712959398806089_7366502273518238109_n

10941507_712959002139462_5907058454205497043_n

Scroll Up