Սփիւռքի Հայկական Դպրոցներուն եւ Ոչ միայն…

Սիրելի´ հայրենակիցներ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2015թ. մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու ժամկէտը երկարացնելու մասին, մասնակցութեան դիմում ներկայացնելու վերջնաժամկէտը Դեկտեմբեր 25-ն է։ Ակնկալելով աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն։

Դարձեալ յիշեցնենք մրցոյթներու անուանակարգերու եւ մասնակցութեան  պայմաններու մասին.

1.    «Մայրենիի պաշտպան» (անհատ/կազմակերպութիւն),

2.    «Լաւագոյն հայկական համայնք»,

3.    «Հայկական աւանդական ընտանիք»,

4.    «Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» (պարային համոյթերգչախումբնուագախումբ):

«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման հարցին մէջ կազմակերպութիւններու, տարբեր խումբերու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, գնահատել եւ արժեւորել այս ուղղութեամբ հայկական համայնքներու գործունէութիւնը:

Բոլոր անուանակարգերուն մէջ սահմանուած են 1-ին, 2-րդ, 3-րդ կարգի եւ խրախուսական մրցանակներ:

1. «Մայրենիի պաշտպան» մրցոյթի կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող համայնքային կազմակերպութիւններ, կրթօճախներ, մշակութային հաստատութիւններ, մայրենի լեզուի ուսուցիչներ, լեզուաբաններ, մշակոյթի, գրական գործիչներ, գործարարներ:

Մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողները լրացուած յայտադիմումները պէտք է ներկայացնեն ՀՀսփիւռքի նախարարութիւն մինչեւ 2015թ. Դեկտեմբեր 25:

Յայտադիմումին կից անհրաժեշտ է ներկայացնել նաեւ

-լուսանկար,

-կրթութեան մասին փաստաթուղթ (պատճէնը),

-համայնքի, կառոյցի կամ դպրոցի բնութագիր-երաշխաւորագիր,

-որպէս «Մայրենիի պաշտպանի» իր գործունէութեան նկարագիրը:

-նիւթեր, ինչպէս նաեւ` տեսանիւթեր, որոնք կը փաստեն մայրենիի պահպանման, տարածման ուղղութեամբ կամ հայերէնի զարգացման նպաստող գործունէութեան, իրականացուցած ծրագիրներուն մասին:

2. «Լաւագոյն հայկական համայնք» 

«Ամենակուռ/համախումբ հայկական համայնք,

«Ամենահայախօս հայկական համայնք,

«Աւանդապաշտ հայկական համայնք»,

«Ամենանախաձեռնող հայկական համայնք»,

«ՀՀ ՍՆ համահայկական ծրագիրներուն առաւել աշխոյժ մասնակցող հայկական համայնք»

անուանակարգերը:

3.«Հայկական աւանդական ընտանիք»

4.«Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» (պարային համոյթերգչախումբ,նուագախումբ):

Բոլոր անուանակարգերուն մէջ մրցանակակիրներէն կը պահանջուին նաեւ դրամատնային տուեալներ (անուանում, հասցէ, SWIFT, հաշուեհամար), ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն:

Մրցոյթներուն մասնակցիլ փափաքողները մասնակցութեան յայտերը կը լրացնեն եւ կը ներկայացնեն հետեւեալ հասցէով` ՀՀ, ք.  Երեւան, Վազգէն Սարգսեան 26/1 կամ էլ. հասցէներով`

allarmenian@mindiaspora.am

gitakrtakan.diaspora@yandex.ru

gitakrtakan-diaspora@mail.ru

Մրցանակաբաշխութեան իրականացման պատասխանատու` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին (Հեռ.` +37410 58 56 01 (117, 108, 109), +37460 500-830):

2.Application-Mayrenii.pasht.anhat (1)

3.Application-Mayrenii.pasht.kazm.

4.Application.community

5.Application.gexarvestakanKhumb

6.Application.haykakan.yntaniq.15

Scroll Up