Քոստանայի Հայկական Համայնքի «Սիրտը» Համարուող Մարտիրոսեաններու Ընտանիքը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը 2010 թուականէն կ’իրականացնեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութիւնը:

Մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման հարցին մէջ կազմակերպութիւններու, տարբեր խումբերու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, գնահատել եւ արժեւորել այս ուղղութեամբ հայկական համայնքներու գործունէութիւնը:

Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մրցանակներու յանձնման արարողութեան ժամանակ «Հայկական աւանդական ընտանիք-2015» անուանակարգին մէջ 3-րդ կարգի մրցանակին արժանացաւ Ղազախստանի Քոստանա քաղաքին մէջ ապրող Մարտիրոսեաններու ընտանիքը:

Օրեր առաջ Քոստանայի հայկական համայնքի նորանշանակ նախագահ Տիգրան Պատալեանի ուղեկցութեամբ ընտանիքին մայրը` Հրաչուհի Գէորգեան, դուստր` Գայիանէի հետ հիւրընկալուած էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ` ստանալու մրցանակը եւ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու հաճելի անակնկալին համար:

Համայնքի նախագահ Տիգրան Պատալեան «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ճիշդ ընտրութիւն  կատարուած է. Մարտիրոսեաններու ընտանիքը արժանի է այդ ուշադրութեան: Անոնք համայնքի «սիրտ»-ը կը համարուին, կը պահպանեն հայկական ընտանիքը խորհրդանշող բոլոր աւանդոյթները, երեխաներուն իբրեւ արժանապատիւ հայ մեծցնելով եւ համայնքային աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելով` նեցուկ ըլլալով բոլոր հարցերուն մէջ: Ի դէպ, Հրաչուհի Գէորգեան համայնքի փոխնախագահն է:

«Երբ 1992 թուականին ստեղծուեցաւ համայնքը, առաջին իսկ օրերէն ընտանիքով մասնակցութիւն ունեցանք կազմակերպչական աշխատանքներուն: Միաժամանակ կ’ուզէինք հասկնալ, թէ ինչ է օտար հողի վրայ հայկական համայնքի նշանակութիւնը:

Երեխաներուս մէջ միշտ հայրենասիրութիւն եւ Հայաստանին օգտակար ըլլալու գաղափարը սերմանած եմ, բացատրած, որ օտարութեան մէջ գտնուելով` ամէն ինչ պէտք է ընենք ինքնութիւնը պահպանելու համար»,-ըսաւ Հրաչուհի Գէորգեան:

Այնուհետեւ նախաձեռնած են այնպիսի ձեռնարկներ, որոնց միջոցով այլազգներուն ներկայացուցած են հայու տեսակը, հայկական մշակոյթն ու ազգային աւանդոյթները:

Այս ընտանիքը նաեւ բարեգործական ծրագիրներ կ’իրականացնէ: 2005 թուականէն կ’այցելեն Ղազախստանի մանկատուներուն մէջ գտնուող հայ երեխաներուն` անոնց եւ միւս փոքրիկներուն տարատեսակ օգնութիւններ տրամադրելով:

image

Հրաչուհի Գէորգեան Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան եւ համայնքին հետ աշխատելով` փաստաթղթային աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ղազախստանի մէջ նոր հաստատուած կամ փաստաթուղթերու հետ խնդիրներ ունեցող հայերուն, կ’օգնէ անոնց աշխատանք, բնակարան գտնելու, միաժամանակ թարգմանչական աշխատանքներ կը կատարէ: «Բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունինք նաեւ Ղազախստան ապրող ատրպէյճանցիներուն հետ, եթէ ինչ-որ հարցով` կը դիմեն մեզ, անպայման կ’օգնենք եւ մարդկային վերաբերմունք կը ցուցաբերենք: Առհասարակ, Ղազախստան ապրող բոլոր ազգերուն հետ ջերմ յարաբերութիւններ ունինք»,-ընդգծեց Հրաչուհի Գէորգեան:

Զրոյցին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` համայնքի փոխնախագահը ըսաւ, որ պիտի շարունակեն մշտական կապի մէջ գտնուիլ նախարարութեան հետ` համատեղ ազգաշահ աշխատանքներ կատարելով: Ուրախ է, որ իր երեխաները` Հրաչն ու Գայեանէն, մասնակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց եւ շարք մը այլ ծրագիրներու, որոնց շնորհիւ անմոռաց տպաւորութիւններ ու գիտելիքներու հարուստ պաշար  ամբարած են, լաւ ընկերներ ձեռք բերած, եւ որն ամենակարեւորն  է` վերարժեւորել Հայրենիքի հանդէպ սէրը:

45

Հրաչուհիին  որդին` Հրաչը, մինչեւ 2015 թուական Քոստանա քաղաքի հայկական համայնքի երիտասարդական միութեան նախագահը եղած է: 2016 թուականին նշանակուած է Ղազախստանի Քոստանայի մարզի «Ազգային էթնոմշակութային երիտասարդական կեդրոն»-ի նախագահ: Նոյն թուականին «Нур Ота́н» կուսակցութեան կողմէ արժանացած է «Ոսկի երիտասարդութիւն» դափնեկիրի կոչման:

Ղազախստանի մէջ հայկական մշակոյթի եւ աւանդոյթներու պահպանման ու տարածման համար Հրաչը 2015 թուականին Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Նորսուլթան Նազարպաեւի կողմէ արժանացած է մետալի եւ պատուոգիրի:

Հրաչ Մարտիրոսեանի Քոստանայի քաղաքային խորհուրդի պատգամաւորական թեկնածութիւնը առաջադրուած է 2017 թուականին կայանալիք ընտրութիւններուն:

Հրաչուհիին դուստրը` Գայեանէն, մասնագիտութեամբ իրաւաբան է, կը զբաղուի նաեւ լրագրութեամբ: Քոստանայի հանրային հեռուստաընկերութեամբ կը վարէ հայ եւ Քոստանա ապրող արուեստագէտներուն նուիրուած «Զուգահեռներ» հաղորդումը: Գայեանէն նաեւ կ’երգէ եւ կը պարէ, դերասանական տաղանով օժտուած է: Վերջերս Հայաստան ապրող բեմադրիչ Ֆիլիփ Պօղոսեանի կողմէ գեղարուեստական ֆիլմի մէջ նկարահանուելու առաջարկ ստացած է, որ սիրով  ընդունած է:

Գէորգ  Չիչեան

IMG_2589IMG_2591

 

Scroll Up