Մոսկուայի «Ժամ» Ամսագիրի Գլխաւոր Խմբագիր Աննա Կիվարկիզեանը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յուլիս 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2016թ. ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան «ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութիւններու 25-ամեակին նուիրուած լաւագոյն հրապարակում» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին արժանացած Մոսկուայի «Ժամ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կիվարկիզեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարը շնորհաւորեց Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթին յաղթելու կապակցութեամբ եւ բարձր գնահատեց ազգային ինքնութեան, մշակոյթի պահպանման, նոր սերունդի ինքնաճանաչողութեան ուղղուած ամսագիրի ստեղծագործական խումբի եւ գլխաւոր խմբագիրի ջանքերը: Հրանոյշ Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամսագիրը  պահանջուած, սիրուած ու  սպասուած դարձնելու համար եւ աւելցուց, որ այն արագ ընդգրկուած է համահայկական տեղեկատուական դաշտին, ունի ինքնատիպ, հետաքրքիր ձեռագիր եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային «Ժամ»-ը նոր շարքերով, նոր ծրագիրներով աւելի կը հարստանայ:

Աննա Կիվարկիզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց. «2008 թուականէն «Ժամ» ամսագիրը նուիրուածութեամբ եւ ջանասիրութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը: Ամսագիրը լոյս կը տեսնէ Մոսկուայի մէջ, բայց կը սփռուի աշխարհով մէկ: Տասնամեակի շեմին շատ խորհրդանշական, թանկ եւ ոգեւորիչ է այս մրցանակը: Ամսագիրը մէկ մարդու աշխատանք չէ, հետեւաբար պարգեւը ոչ միայն իմս է, այլեւ իմ բոլոր գործընկերներուս, աջակիցներուսն է  ու յատկապէս ընթերցողներուն, որոնք ամսագրի գոյութեան առաջին գրաւականն են»:

 

Scroll Up